Ճանչնանք Ազգային-Յեղափոխական Երգերու Դեսպան Գառնիկ Սարգիսեանը
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
«Մեր ազգայինյեղափոխական երգերը պիտի հնչեն այնքան ատեն, որ անոնց բառերուն եւ մեղեդիին մէջ ծածանող երազը իրականութիւն չէ դարձած…»
Մուշեղ Իշխան
Ազգային-յեղափոխական մեր բոլոր երգերը, որոնք ցարդ, ամէն առիթներով կը հնչեն հայ պատանիի, պարմանուհիի, երիտասարդի եւ ծերունիի շրթներուն վրայ, ստեղծուած են հետեւողութեամբ մեր ազատագրական պայքարին։ Այս բոլոր երգերը մէկական հերոսապատումներ են: Այսպէս, կուսակցութեան գաղափարին հաւատարիմ սերունդներ միշտ երգեցին ու տակաւին կը շարունակեն երգել: Այս երգերը ընդհանրապէս ձօնուած են մեր նախկին ու ինչու չէ նաեւ՝ մերօրեայ հերոսներուն, ֆետայիներուն, ազատամարտիկներուն, մեր քաջարի բանակի զինուորագրեալներու քաջագործութիւններուն եւ անոնց նահատակութեան։ Մէկ խօսքով՝ մեր արդի պատմութեան անմոռանալիներուն յիշատակը կը պանծացուի այս երգերով, որոնք ոչ միայն սրտառուչ են, այլեւ՝ քաջութիւն ներշնչող, մեծապէս խթանող, հաստատապէս փոթորկայոյզ եւ արդարօրէն պատգամաբեր, հայրենասիրութեամբ եւ ազատատենչ ոգիով լեցուած:
Ինչպէս տարիներ առաջ մենք եւ մեր սերունդի ներկայացուցիչները մեր դպրոցներուն մէջ եւ մեր ակումբներու կամարներուն տակ այս երգերը սորվեցանք, այսօր ալ մեր պատանիները ՀՅԴ ակումբներուն մէջ եւ հայ կեդրոններէն ներս նոյն երգերը սորվելով՝ կը ծանօթանան մեր մօտիկ անցեալի հայոց պատմութեան, մեր դարաւոր թշնամիին դէմ պայքարած հերոսներու սխրագործութիւններուն եւ անուններուն: Երգեր, որոնք իւրայատուկ ու գաղտնի հմայք մըն ալ ունին: Ինքնածին կը խանդավառուիս: Կը լիցքաւորուիս, կը վերափոխուիս, ու այս ձեւով մեր հերոսները կրկին անգամ կ՛անմահանան:
Բոլորս ալ գրեթէ այս երգերու շունչին տակ մեծցած ենք: Սփիւռքի մեր ապրած երկիրներու պետական այլազան պայմաններու տակ, աղօթքի նման գոց սորվելով՝ յաճախ բացայայտ եւ ընդհանրապէս գաղտնի երգած ենք, նաեւ՝ միշտ ալ երգել տուած: Կրկնութեան գնով նաեւ յիշեմ, որ մեր ազգայինյեղափոխական երգերը խորքին մէջ սոսկ ու պարզ երգեր չեն, այլ իմաստ ու մեծ նպատակ ունին իրենց մէջ:
Պատիւ իրեն, Սփիւռքը իր ամբողջ տարածքին ծնած է յեղափոխական ու ազգային երգեր մեկնաբանող երիտասարդ երգիչներ, մէկ խօսքով՝ թարմ ուժեր, որոնք անսակարկ նուիրումով եւ ամէն առիթներով խանդավառած են գաղափարական շունչով թրծուած մեր նոր սերունդը:
Իմ կարծիքով, այս շարքին մէջ ամէնէն յատկանշականն է երգիչ Գառնիկ Սարգիսեանը, որ կը նկատուի յեղափոխական երգեր մեկնաբանողներու հոյլին մէջ յառաջագոյնն ու դեսպանը եւ որ տասնամեակներէ ի վեր կը բարձրանայ Սփիւռքի հայաշատ քաղաքներու բեմերուն վրայ, հանդիսաւոր թէ ժողովրդական զանազան առիթներուն։
2014ի Դեկտեմբերի վերջերուն էր, երբ ընկերուհիներէս Հուրիկ Ֆուրնուզեանը հեռաձայնով յայտնեց, թէ նախկին աշակերտներէս Գառնիկ Սարգիսեանը, առ ի երախտագիտութիւն, ինծի կը նուիրէր իր նոր լոյս ընծայած վերջին երկու սկաւառակները (CD)՝ տեսահոլովակով մը միատեղ (DVD):
Ինծի կը մնար բանալ ծրարը ու մտիկ ընել Գառնիկի յեղափոխաշունչ երգերու այս հաւաքածոն: Անկեղծօրէն՝ լսած էի, որ Գառնիկ իր անձնական ճիգերով միշտ պատրաստած էր բազմաթիւ սկաւառակներ, բայց հակառակ անոր, որ մօտէն կամ հեռուէն հետեւած էի անոր աշխատանքներուն, անձնապէս տանս կամ ինքնաշարժիս մէջ նման խտասալիկ մը չէի ունեցած:
Անկասկած, ինծի համար երգիչ Գառնիկ Սարգիսեանը, որ իր աշակերտական օրերէն արդէն իսկ ջերմ հայրենասէր մըն է, ցարդ ազգային եւ յեղափոխական մեր երգերու լաւագոյն մեկնաբանողն է եւ միաժամանակ՝ ամէն փառատօներու մեծագոյն խանդավառողը: Վկայ՝ ցարդ հրապարակային իր բոլոր ձեռնարկները: Ահա՛ նոր մը՝ ըսի մտովի: Ահա Նոր Տարուան առթիւ արժէքաւոր ու գեղեցիկ նուէր մը: Ոչ միայն մտիկ ըրի, այլեւ անմիջական շրջապատս ալ հետս մասնակից դարձուցի այս ուկնդրութիւններուն:
«2014. Յեղափոխաշունչ երգարուեստի ճանապարհս եւ աւելի քան 35 տարիներու յեղափոխական երգերու հաւաքածոս» այս էր ալպոմին խորագիրը կամ պիտակը, որուն շապիկի գծագրութեան հեղինակը Փաթիլ Պալեանն է, իսկ տեսահոլովակի ամբողջ «թեքս»ը պատրաստած է Հուրիկ Ֆուրնուզեանը: Յիշենք նաեւ, որ այս խտասալիկը պատրաստուած է Հէրի Արքոյեանի սթիւտիոյին մէջ:
Այս վերջինին մէջ ձայնագրուած է Հուրիկի կատարած տեսակցութիւնը Գառնիկին հետ, ուր երգիչը պարզ եւ յստակ իր կեանքը կը պատմէ, միաժամանակ՝ անկեղծօրէն պատասխանելով Հուրիկի բոլոր հարցումներուն:
Սկսելով տեսահոլովակէն, Հուրիկ իր հարցումներուն ընդմէջէն հարազատօրէն լոյսի կը բերէ Գառնիկի կեանքի գլխաւոր մանրամասնութիւնները, ինչպէս նաեւ յեղափոխական երգերու ծիրէն ներս անոր կատարած յատկանշական վերելքն ու արձանագրած բարձունքները:
Այսպէս, Գառնիկ՝ Հալէպի ծնունդ, Վահրամ (էրզրումցի) եւ Արշալոյս (խարբերդցի) Սարգիսեաններու մէկ հատիկ զաւակն է, իրմէ մեծ հինգ քոյրերու կողքին: Տեսակցութեան ընթացքին, Գառնիկ կեդրոնացած է իր հօրը վրայ եւ միշտ զայն երախտագիտութեամբ յիշած: Ան նշած է, որ ազգային եւ յեղափոխական հին երգերը սորված է իր հօրմէն՝ միշտ շեշտելով, թէ իր ձայնային յատուկ ելեւէջները ժառանագած է հարազատօրէն անկէ: Հալէպի Սահակեան Ազգ. նախակրթարանին եւ ապա տարի մը Ճեմարանի մէջ իր անցուցած տարիները իրեն մօտ ձգած են պատմական յիշողութիւններ:
Աշակերտական տարիներէն, շնորհիւ իր բնատուր ձայնին, ան ամէն առիթով երգած է եւ շրջապատին ուշադրութիւնը իրեն վրայ կեդրոնացուցած: Գառնիկ նաեւ երախտագիտութեամբ յիշած է Անթիլիասի Դպրեվանք իր մուտք-աշակերտելը Մեսրոպ վրդ. Աշճեանի (ապա՝ արքեպիսկոպոս, այժմ՝ վախճանած) եւ ապա Զարեհ վրդ. Ազնաւորեանի (արքեպիսկոպոս-այժմ՝ վախճանած). այս երկու հոգեւորականներուն անսակարկ քաջալերանքը մեծ դեր ունեցած է իր կեանքին մէջ։
Ապա երգիչը կը պատմէ Դպրեվանքը կիսատ թողնելով՝ ծնողքին հետ Աւստրալիա հաստատուիլը, նուագախումբ կազմելը, վաղ երիտասարդութեան զանազան երկիրներ այցելելը, երգահանդէսներ տալը եւ ապա՝ Միացեալ Նահանգներ հասատատուիլը:
Ճիշդ պիտի չըլլար այս սիւնակներով ներկայացնել Գառնիկ Սարգիսեանի կեանքի բոլոր հանգրուանները: Իր համակիրը պէտք է անձնապէս ունենայ սոյն տեսահոլովակը, որպէսզի աւելի մօտէն եւ հարազատօրէն ծանօթանայ անոր: Անկասկած, Գառնիկ Սարգիսեանի այս աշխատանքը ունի նաեւ անգնահատելի ծառայութիւն: Իր բոլոր երգերուն մէջ իր հայրը կը տեսնէ իբրեւ առաջնորդ: Իր գոյութիւնը վկայութիւն է տարուած աշխատանքին, բայց պէտք է նաեւ շեշտել, թէ Գառնիկ յատկապէս միշտ երախտապարտ մնացած է եւ կը մնայ գրեթէ իր բոլոր երգերը յօրինող երաժշտագէտ Զարեհ Քէշիշեանին: Նաեւ, յարգանքով կը յիշէ երգահան Սեդօ Պաղտասարեանը եւ իր երգերու հեղինակները։
Տեսահոլովակի աւարտին, նշելէ ետք, թէ երգիչը ցարդ տասէ աւելի ալպոմներու հեղինակ է, Հուրիկ երախտագիտական զգացումներով կ՛ամբողջացնէ զրոյցը՝ ըսելով. «Գառնի՛կ, երգերովդ դարձար հայ ժողովուրդի ջատագովը, աստուածատուր ձայնովդ մեր ազգային հերոսները անմահացուցիր, քաջ ֆետայիին կեանք ու կորով ներշնչեցիր, գաղափարակիցներ կերտեցիր, հայ պատանիի միտքն ու հոգին պայծառացուցիր, աշխարհ շրջելով մեր Ազատագրական պայքարին ու Հայ Դատին կամաւոր զինուորը դարձար եւ մեր արդար պայքարի հերոսական կեանքը փառաբանեցիր. վարձքդ կատա՛ր»:
Իսկ գալով խտասալիկներուն՝ կրնանք պարզել հետեւեալը.
ա.- Խտասալիկը ունի 15 երգեր. անիկա կը սկսի «Ընկ. Աբօ Աշճեանի յիշատակին» երգով, ապա կը յաջորդեն «Հայոց մարտիկներ», «Լիզպոն հինգ», «Վիգէն Զաքարեան», «Մհեր æուլճեան», «Սերժ Թովմասեան», «Կարօ Գաբլանեան», «Առաքինի դաշնակցական», «Զգոյշ խօսիր Հայաստանում», «Վեր կաց ժողովուրդ», «Դրօշակը մեր», «Ռազմակո»չ, «Աղբերս ու ես», «Խաչիկ Արապեան» եւ վերջին՝ «ՀՕՄի 100ամեակի քայլերգ»:
բ.- Խտասալիկը նոյնպէս կը պարունակէ 15 երգեր՝ «Փողին», «Կտակ», «Մայրիկ», «Նաթալի Սարգիսեան», «Մայր եւ որդի», «Սարգիս Ազնաւորեան», «Եռաբլուր», «Նեմեսիս (Հրաչ Փափազեան)», «Հրայր Մարուխեան», «Պարոյր Տուտաքլեան», «Սուրիահայ քաջեր», « Ճշմարտութիւն չկայ ուրիշ», «Վեհ գաղափար Դաշնակցութեան», «Յուշեր» եւ «ՀՄԸՄ»:
Այսպէս, 11 կուսակցական դէմքերով, յեղափոխական եւ ազգային երգերով հարուստ խտասալիկը արժանի է ամէն գնահատանքի: Ի՛ր իսկ խօսքերով, այս բոլորը անոր համար է, որ մեր յաջորդող սերունդները գիտնան, «թէ իրենք ուրկէ՛ կու գան եւ թէ պէտք է անպայմա՛ն իրենց ակունքներուն վերադառնան, մանաւանդ՝ մասնակից ըլլան հայրենակերտումի ամէն տեսակի աշխատանքներու: Գալով ՀՄԸՄին՝ մեր սիրուած երգիչը կը շեշտէ ու միաժամանակ կը խոստովանի, թէ ՀՄԸՄը իր գաղափարներուն եւ սկզբունքներուն ակը եղած է:
Ներկայ օրերուն, մենք՝ հայրենիքով եւ համայն Սփիւռքով, միշտ յաւելեալ կարիք ունինք հաւատաւորներու եւ անոնց փոխանցած ջերմութեան։ Գառնիկի եւ անոր նման երգիչներու երգերով, նոր սերունդը պէտք է թրծուի, որպէսզի աւանդը շարունակուի: Մեր զաւակներն ու թոռները պէտք է դաստիարակուին այս երգերով, որոնք պատմութիւն ըլլալով հանդերձ՝ մեզ կը մղեն սխրանքներու: Գիտենք, որ այս օրերուն շատ դժուար է ազգային արժէք ստեղծելն ու պահպանելը: Ահա՛ երգը եւ երգերը, որոնցմէ իւրաքանչիւրը կը հնչէ իբրեւ քայլերգ:
Եթէ ուզենք տալ արդար գնահատանք մը, ապա անսակարկ եւ ճակատաբաց կրնանք բացայայտել, թէ այս հաւաքածոն մեր յեղափոխական հերոսներուն եւ հաւատաւորներուն՝ կուսակցութեան գործիչներէն սկսած մինչեւ յանուն գաղափարի եւ ազատութեան զոհուած մեր հին ու նոր ֆետայիներուն եւ ազատամարտիկներուն նուիրուած հայեցի շունչով ու գաղափարական տաքուկ ոգիով հրամցուած երգեր է, որուն համար կը շնորհաւորենք Գառնիկ Սարգիսեանը, յատուկ «վարձքդ կատար» մը կը հասցէագրենք ալպոմի պատրաստութեան եւ անոր յաջող ծնունդին նպաստող բոլոր երաժիշտներուն, երգերու բառերու հեղինակներուն եւ վերջապէս՝ մեր սիրելի Հուրիկին, այս պատրաստութեան համար: