ՀՅԴ Գերագոյն Մարմինը Կը Շարունակէ Հանդիպումները Կոմիտէութիւններուն Հետ
ԵՐԵՒԱՆ.– ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը արդէն հանդիպում ունեցած է 30է աւելի կոմիտէութիւններու հետ:
Ընկերական հանդիպումներուն ընթացքին Գերագոյն մարմինի անդամները դաշնակցական ընկերներուն զեկուցած են ՀՅԴ Ընդհանուր ժողովի աշխատանքներուն մասին, ներկայացուցած տրուած որոշումները եւ քննարկած կատարելիքները:
Նաեւ անդրադարձ կատարուած է Հայաստանի մէջ առկայ ընկերային-տնտեսական վիճակին, հասարակութեան դիմաց ծառացած խնդիրներուն, Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին առթիւ կազմակերպուող նախաձեռնութիւններուն Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան մասնակցութեան ու կատարելիքներուն։ Ներկայացուած են նաեւ ՀՅԴի մօտեցումները երկրին մէջ ստեղծուած ներքաղաքական խնդիրներուն, իշխանութիւն-ընդդիմութիւն յարաբերութիւններուն առնչութեամբ:
«Ընկերային հանդիպումներն անցնում են անկաշկանդ մթնոլորտում, ինչպէս ընդունուած է Դաշնակցութիւնում», «Երկիր»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Աղուան Վարդանեանը եւ աւելցուցած, որ յառաջիկայ օրերուն ՀՅԴ ԳՄի հանդիպումները պիտի շարունակուին Արարատի, Վայոց ձորի եւ Սիւնիքի մարզերուն մէջ:
Յիշեցնենք, որ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը ՀՅԴ Ընդհանուր ժողովի աշխատանքներու աւարտէն ետք նախաձեռնած էր ընկերային հանդիպումներու՝ Հայաստանի մէջ գործող յիսուն կոմիտէութիւններուն հետ: