2016-ին Թուրքիա կը սկսի արտադրել «Ալթայ» հրասայլերը
1669
0
2016 թուականին Թուրքիա պիտի սկսի «Ալթայ» անունով հրասայլերու արտադրութիւնը։
Թրքական բանակի ցամաքային զօրքերու հրամանատարութիւնը հաղորդած է, որ հրասայլի նախագիծը ամբողջութեամբ մշակուած է թուրք մասնագէտներու կողմէ։ Հրասայլերը պիտի արտադրուին Otokar Sakarya գործարանի կողմէ։
Թուրքիոյ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը յառաջիկայ տարիներուն կը մտադրէ հանգստեան կոչել 1300 «ծերացած» M48 հրասայլեր եւ զանոնք փոխարինել 1000 «Ալթայ» հրասայլերով։ Ըստ թրքական «Սապահ» թերթին, այս ծրագրի իրագործման համար նախարարութիւնը պիտի տրամադրէ 10 միլիառ տոլար։