Սեպտեմբեր 12-ին, Կարտինալ Գրիգոր Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեան կաթողիկոս պատրիարքին մարմինը 53 տարի Հռոմ մնալէ ետք հասաւ Պէյրութի օդակայան, ուր արժանացաւ պաշտօնական ընդունելութեան:

Պէյրութի Նահատակաց հրապարակին վրայ երէկ երեկոյեան ժամը 7:00-ին տեղի ունեցաւ կարտինալ Գրիգոր Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեանի անփուտ մարմինի հանդիսաւոր ընդունելութեան արարողութիւնը` նախագահութեամբ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս պատրիարքին եւ մասնակցութեամբ պետական, կրօնական, քաղաքական եւ հասարակական գործիչներու ու Լիբանանի բոլոր համայնքներու ներկայացուցիչներու:

Ժողովրդային հանդիսաւոր ընդունելութեան ընթացքին խօսք առին Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս պատրիարք, մարոնի համայնքի պատրիարք կարտինալ Պշարա Ռայի, վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի եւ Պէյրութի հայ կաթողիկէ պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս Գրիգոր եպս. Պատիշահ:

Լիբանանեան ազգային եւ հայկական հոգեւոր երաժշտութիւններով հանդէս եկաւ լիբանանեան բանակի նուագախումբը:

Հանդիսաւոր արարողութեան աւարտին կարտինալ Աղաճանեանի անփուտ մարմինը թափօրով տեղափոխուեցաւ եւ ամփոփուեցաւ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ-Սուրբ Եղիա աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ գտնուող նորակառոյց շիրիմին մէջ:

Աստուծոյ ծառայ կարտինալ Աղաճանեանի երանացման եւ սրբադասման դատի հանդիսաւոր բացումը կատարուած էր 28 հոկտեմբեր 2022-ին, իսկ 23 փետրուար 2024-ին աւարտած էր անփուտ մարմինի կանոնական հետազօտութիւնը եւ վաւերականութիւնը:

Comments are closed.