Չենք Խոնարհիր Հայկական Լոպիին Առջեւ. Տաւութօղլու
1597
0
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Թուրքիոյ վարչապետ Ահմետ Տաւութօղլու անգամ մը եւս քննադատած է կիւլենականները եւ յայտարարած, թէ Թուրքիա պիտի չխոնարհի հայկական եւ այլ լոպիներու առջեւ:
Թրքական «Քանալ Ա.» կայքին համաձայն՝ Տաւութօղլու, իշխող կուսակցութեան Պոլսոյ նահանգային համաժողովին առջեւ ունեցած ելոյթին ընթացքին, խստօրէն քննադատած է Ֆեթհուլլահ Կիւլենը՝ զայն մեղադրելով հայկական, յունական եւ հրէական լոպիներուն աջակցելու յանցանքով:
«Ո՛չ հրէական, ո՛չ հայկական, ոչ ալ յունական լոպիներուն առջեւ կը խոնարհինք» ըսած է ան եւ խօսքը կիւլենականներուն ուղղելով՝ ազդարարած. «Այս ազգը, հայրենիքը դաւաճանողները պիտի նուաստանան»։