Կովկասը «Իսլամական Պետութեան» Թիրա՞խ
1593
0
ՄՈՍԿՈՒԱ.- Ատրպէյանի ազգային ապահովութեան նախարարութիւնը հակաահաբեկչական յաջող գործողութեան մը շնորհիւ ձերբակալած է հանրապետութեան 10 քաղաքացի. այս մասին կը գրէ «Նեզավիսմայա Կազեթա»ն:
Ըստ նոյն թերթին՝ ձերբակալուածները տարբեր ժամանակահատուածներու ընթացքին կռուած են ապօրինի զինեալ խմբաւորումներու շարքերէն ներս, Միջին Արեւելքի տարածքին:
Նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ «Իսլամական պետութիւն»ը սկսած է իր ծայրայեղական գաղափարախօսութեան քարոզչութեան թիրախը դարձնելու Կովկասի իսլամական շրջանները, միաժամանակ՝ ազդարարելով, որ նման մարտերէ իրենց հայրենիքը վերադարձողները ընդունակ են լուրջ խնդիրներ ստեղծելու: