Պաթմանի (Սասուն) մէջ ցուցարարներ կը պահանջեն Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը


Թուրքիոյ «Մարդու իրաւունքների միութեան» (ՄԻՄ -İHD ) Պաթմանի (Մեծ Հայքի Աղձնիք նահանգ, պատմական Սասունի տարածաշրջան) մասնաճիւղը յունուար 24-ին «Աթաթուրքի» այգիին մէջ հաւաք կազմակերպած է` նուիրուած 1990-ականներուն շրջանին մէջ տեղի ունեցած և միչեւ օրս չբացայայտուած առևանգման և սպանութեան դէպքերուն: Հաւաքի մասնակիցները կրել են այդ ժամանակահատուածին սպաննուած և անյայտ կորած մարդոց լուսանկարները` պահանջելով բացայայտել դէպքերը: ՄԻՄ-ի Պաթմանի մասնաճիւղի նախագահ Մեհմետ Պաղաթըրը իր ելոյթին մէջ ընդգծած է, որ յանցագործութիւններուն մեղաւորները մինչև օրս չեն կանգնած դատարանի առաջ:

«Այսօր, այստեղ` չբացայայտուած սպանութիւններուն, մեր անյայտ կորածներուն, մեր երեխաներուն համար հաշիւ պահանջելու զուգահեռ՝ մենք պահանջատէր ենք նաև Հրանդ Տինքի և հարիւրամեայ ամօթի խորհրդանիշ հանդիսացող Հայոց ցեղասպանութեան համար»:

Ըստ թրքական «batmancagdas.com» կայքէջին` Պաղաթըր շեշտած է, որ պատմական իրականութիւնը բացայայտելու համար անհրաժեշտ է «Ճշմարտությեան կոմիտէ» հիմնել:

«Պատմութեան հետ առերեսումը պէտք է սկսի Հայոց ցեղասպանության» ճանաչումով: Առերեսման գործընթացը սկսելու համար պէտք է անպայման «Ճշմարտութեան կոմիտէ» հիմնել… Թուրքիան պէտք է հասկնայ այս իրականութիւնը և ընդունի, որ այս քաղաքական իշխանութիւնն ալ միւսներուն պէս վերածած է իր իշխանական ուժը գործի դնող բռնատիրութեան», – եզրափակած է Պաղաթըրը:

Նշենք, որ Պաթման քաղաքի 300 հազար բնակչութիւնը գրեթէ ամբողջութեամբ քիւրտ է։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.