Էրտողան Հայերու Հողերը Վերադարձնելու Ծրագիր Ունի՞
ՊՈԼԻՍ.- «Հապերլեր» կայքը կը հաղորդէ, որ թրքական ընդդիմադիր Ազգայնական շարժում կուսակցութեան ներկայացուցիչ Օքթայ Վուրալ յայտնած է, որ ունի այն կասկածը, թէ Աթաթուրքի անուան օդակայանն ու նախագահական Չանքայա պալատը դատարկելը, Հայկական Սփիւռքին հետ համաձայնութեան իբրեւ արդիւնք՝ հայերուն հողեր վերադարձնելու համար կատարուած քայլեր կրնան ըլլալ։
Վուրալ խիստ քննադատութեան ենթարկած է նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի գլխաւորած կուսակցութիւնը եւ յայտարարած, թէ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան մէջ գործակալներ ու դաւաճաններ կան։
Անդրադառնալով այն լուրերուն, թէ Հայկական Սփիւռքը Թուրքիոյ հողային պահանջներ կը ներկայացնէ՝ Վուրալ պնդած է, որ Էրտողանի կուսակցութիւնը արտերկիր մեկնած հայեր Թուրքիա բերելով՝ անոնց հողեր տալու ծրագիրի մը վրայ կ՛աշխատի։ Ան նշած է, որ Աթաթուրքի անուան օդակայանն ու Չանքայա պալատը իրենցը համարող հայերուն վերադարձնել կարելի չէ՛, սակայն հարց տուած է, թէ արդեօք այդ պահանջներու բարձրաձայնումը պատահականութի՞ւն է։