Կռփամարտ. Ուլի Վեկներ Դժգոհ Է Արթուր Աբրահամի Մարզավիճակէն
1177
0
Ինչպէս կը յայտնէ գերմանական «Պիլտ» պարբերաթերթը, WBO-ի վարկածով միջին կարգի աշխարհի ախոյեան Արթուր Աբրահամի եւ անոր մարզիչին` Ուլի Վեկների միջեւ տարակարծութիւններ ի յայտ եկած են:
«Ես իրեն ըսի, որ 42 վայրկեանի մէջ 10 քմ վազէ, որմէ ետք հասկցայ, որ ան լաւ մարզավիճակի մէջ չէ», ըսաւ Վեկներ:
Իսկ Աբրահամ ըսաւ. «Ատիկա բաւական դժուար եւ ծանր փորձ մըն էր ինծի համար, որմէ ետք ես գրեթէ մահացած էի»:
Շարունակելով իր մեղադրանքները` Վեկներ ըսաւ. «Յաջորդ օրը` վազքէն ետք, ան պէտք էր գար մարզասրահ, որպէսզի հանգստացնէր մկանները: Սակայն ատոր փոխարէն ան առանց յարգելի պատճառի սրճարան գնաց»:
ArmSport.am եզրափակեց նշելով, որ 34 տարեկան Արթուր Աբրահամ 21 փետրուարին, Պերլինի մէջ (Գերմանիա) պէտք է պաշտպանէ իր տիտղոսը` ընդդէմ 32 տարեկան անգլիացի Փոլ Սմիթի: