2014ին 3300 Սուրիահայեր Հայաստանի Քաղաքացիութիւն Ստացած Են

\n \n

ԵՐԵՒԱՆ.– Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան 25 Դեկտեմբերին կայացած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին կատարած է նախարարութեան 2014 տարուան գործունէութեան հաշուեկշիռը։ Ներկայացնելէ ետք «Հայաստան-Սփիւռք» Է. համագումարի, «Սփիւռք» ամառնային դպրոցի, «Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօնի, «Արի տուն» ծրագիրներու ձեռքբերումները՝ նախարարը նշած է, որ վերջին՝ «Արի տուն» ծրագիրին մասնակցած է 1071 երիտասարդ եւ առաջին անգամ ըլլալով Տիգրանակերտէն անոնց միացած են 48 իսլամացած հայեր։
\n Հ. Յակոբեան ըսած է, որ 2014 թուականը յատկանշուեցաւ նաեւ աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ բռնկած հակամարտութիւններով եւ ռազմական գործողութիւններով: Այդ աղէտներուն իբրեւ հետեւանք Հայաստան ապաստանած սուրիահայերու, ուքրանահայերու, իրաքահայերու եւ այլ երկիրներէ եկած սփիւռքահայերու իրաւական, ընկերային, առողջապահական, կրթական խնդիրներուն անդրադառնալու համար նախարարութիւնը կազմակերպած է «Սփիւռքահայերու ընդելուզման գործընթացի կազմակերպում» ծրագիրը: «Եթէ 2010 թուականին 422 սիրիահայ էր ցանկացել Հայաստանի քաղաքացիութիւն ձեռք բերել, ապա 2014ին 3300 սիրիահայեր դարձել են Հայաստանի քաղաքացիներ», ըսած է նախարար Յակոբեան։

\n \n

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.