«Հորիզոն»ի Սեպտետեմբերի շրջապտոյտի նպատակն է զօրակցիլ Արցախի մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն

«Միասին տօնենք Արցախի անկախութեան տարեդարձը Արցախի մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն հետ»

Ծ.Խ.- Օգոստոս 25 – ՍԵպտեմբեր 8, «Հորիզոն» շաբաթաթերթի կողմէ դէպի Հայաստան եւ Արցախ կազմակերպուած շրջապտոյտին մասին տեղեկութիւններ կը փոխանցէ «Հորիզոն»ի վարիչ խմբագիր Վահագն Գարագաշեան:

Հարց.- Ինչպէ՞ս կը տարբերի այս շրջապտոյտը այլ հայաստանագնացութիւններէ:

Պատ.- Ինչպէս տեղեակ էք, ՀՀ Սփիւռքի Նախարար Հրանոյշ Յակոբեանը անցեալ տարի յայտարարութիւն կատարեց, ուր 2017-ը թուականը Արցախի տարի կը հռչակէր։ Այս շրջապտոյտը «Հորիզոն»ի զօրակցութիւնն է Արցախի մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն, որ կը միտի ներդրում կատարել Արցախի զբօսաշրջութեան զարգացման գծով, ինչպէս նաեւ Սփիւռք-Արցախ կամուրջները ամրագրելու նոր նախաձեռնութիւն է։

Նշենք, որ «Հորիզոն»ի խմբագրութիւնը միշտ երբ առիթը ներկայացած է, իր աջակցութիւնը ցուցաբերած է Արցախին, յատկապէս համակարգիչներ նուիրելով Շուշիի եւ Մարտակերտի շրջանի կարգ մը գիւղերու կրթամշակութային հաստատութիւններու եւ դպրոցներու, ինչպէս նաեւ իբրեւ Հիւսիսային Ամերիկայի հայկական լրատուամիջոց լայն տեղ կը տրամադրէ Արցախի քաղաքական, Մշակութային եւ տնտեսական իրադարձութիւններուն, յատկապէս շեշտելով Արցախի մէջ իրականացուող վերաբնակեցման ծրագիրները։

Ի տարբերութիւն այլ շրջապտոյտներու, այս պտոյտին աւելի տեղ տրամադրուած է Արցախին: Ընդհանրապէս հայրենիք այցելող սփիւռքահայ զբօսաշրջիկներուն երբ Արցախին կը ծանօթացնեն, հայաստանեան կամ արտասահմանեան զբօսաշրջային ընկերութիւններ կը բաւականանան սփիւռքահայ զբօսաշրջիկներուն Ստեփանակերտը, Շուշին եւ Գանձասարը ծանօթացնելով եւ այս բոլորը՝ երկու օրուան նեղ ժամանակամիջոցի մը ընթացքին:

Մեր կարծիքով, երկու օրը բաւարար չէ Արցախի գեղեցիկ բնաշխարհին, մշակութային յուշարձաններուն ու պատմական վայրերը այցելելու ու անոնց պատմութեան ծանօթանալու: Այս շրջապտոյտով, ծրագրած ենք հինգ օրերու վրայ երկարող ժամանակահատուածը լաւագոյնս օգտագործել, մեր զբօսաշրջիկներուն Ծանօթացնելու Արցախ աշխարհը: Նշենք, որ դէպի Արցախ ճանապարհին, զբօսաշրջիկները առիթ պիտի ունենան Տաթեւի վանքին մօտ գտնուող աշխարհի ամենէն երկար ճոպանուղիով շրջագայելու:

Հարց.- Որո՞նք են Արցախի մէջ ձեր ընտրած շրջապտոյտի վայրերը:

Պատ.- Սեպտեմբեր 2-ին, արշաւախումբը պիտի մասնակցի Ստեփանակերտի մէջ կայանալիք Արցախի անկախութեան տօնակատարութեան, որուն ընթացքին յատուկ համերգով ելոյթ պիտի ունեան հայ երգարուեստի աստղեր: Մենք համոզուած ենք, որ այդ օրը անջնջելի յիշատակ մը պիտի դրոշմէ բոլոր մասնակիցներու կեանքի յուշամատեաններուն մէջ: Նշենք, որ անկախութեան հանդիսութեանց կը մասնակցին Հայաստանի եւ Արցախի նախագահները: 2014-ի «Հորիզոն»ի շրջապտոյտի մասնակիցները շատ զգացուած էին այդ օրը։ Մեր շրջապտոյտի նշանաբանն է «Միասին տօնենք Արցախի անկախութեան տարեդարձը Արցախի մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն հետ»։

Արցախի մէջ մէկ օր տրամադրուած է հայ գիւղին: Այդ օրը, գանատահայերու խումբը առիթ պիտի ունենայ ծանօթանալու Արցախի գիւղական կեանքին, պիտի հանդիպի գիւղացիներու հետ եւ պիտի ծանօթանայ Արցախի խոհանոցին ու տոհմիկ ճաշատեսակներուն: Մէկ օր տրամադրուած է Ամարաս վանքին եւ Սխտորաշէնի 2000-ամեայ դարաւոր ծառին։

Արցախէն Հայաստան վերադարձի ճանապարհին, ազատագրուած Քարվաճառի տարածքին մէջ զբօսաշրջային խումբը պիտի այցելէ Դադի վանք, որ հայոց աշխարհի հնագոյն եկեղեցիներէն է: Վանքը կը Գտնուի Մռաւ լերան անտառապատ լանջերուն, Թարթառ գետի ձախ ափին։ 2007-ին, Դադի վանքի վերանորոգման պեղումներուն ընթացքին, վանական համալիրի եկեղեցիներէն մեկուն խորանին տակ գտնուեցան Ս. Դադ առաքեալի մասունքները: Ս. Դադը Թադէոս առաքեալի 70 աշակերտներէն մեկն էր, որ քրոստոնէութիւնը քարոցած ու նահատակուած է Արցախի մէջ Ա. դարուն:

Ապա, գանատահայերը պիտի այցելեն ջերմաջուր, կամ տաք ջուրեր: Այստեղ բնութեան ստեղծած ժայռափոր աւազաններուն մէջ հանքային առողջարար տաք ջուրերուն մէջ սուզուելու առիթ պիտի ունենան խումբին անդամները:

Արցախեան շրջապտոյտի վերջին կայանը Հանդիվանքն է, որ գտնուած է 2001 թուականին եւ հայոց աղուանից կաթողիկոսութեան նստավայրը եղած է: Վանքի շրջափակին մէջ թաղուած են երկու աղուանից կաթողիկոսներ:

Շրջապտոյտի հայաստանեան հատուածը նոյնպէս հետաքրքրական է, ուր ընդգրկուած են այցելութիւններ Մակարավանք, Գառնի, Գեղարդ եւ Էջմիածին: Յիշեցնեմ, որ մէկ օր ամբողջ Սեւանի ափին հանգիստի օր է:

Երեւանի մեր ծրագիրը այս անգամ կ՚ընդգրկէ նաեւ հայկական ժողովրդային եւ ճազ երաժշտութեան համերգներ։

Պատ.- Արձանագրութեանց ժամկէտը ե՞րբ է:

Պատ.- Այս շրջապտոյտին համար յատուկ գիներ դասաւորած ենք, որոնց ժամկէտն է Ապրիլ 25-ը: Այսինքն, Մոնթրէալէն օդանաւի երթ ու դարձի տոմսը, օրական երեք անգամուան սնունդը, ճոպանուղիի տոմսերը, պանդոկի կեցութիւնը եւ շրջագայութեանց փոխադրամիջոցներու ծախսը ներառեալ՝ յատուկ եւ աննախընթաց սակագին է 3450 (double) եւ 3650 (single) գանատական տոլարը: Թորոնթոյէն եւ այլ շրջաններէ մասնակիցները յաւելեալ կը վճարեն մինչեւ Մոնթրէալ ճամբորդութեան ծախսը: Վերջաւորութեան նշեմ, որ Երեւանի մէջ, շրջապտոյտի խումբի հիւրանոցը՝ Aviatrans-ը կը գտնուի Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակէն մէկ վայրկեան հեռաւորութեան վրայ։

ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑԸ ՎԱՐԵՑ ՍՈՆԱ ԹԻԹԻԶԵԱՆ ԿԷՏԻԿԵԱՆ

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.