«Նարեկացի» արուեստի միութեան կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ «Եղեգան փող» 2-րդ համահայկական մրցոյթ-փառատօնն ու մրցանակաբաշխութիւնը

Յունիս 29-ին, «Նարեկացի» արուեստի միութեան կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ «Եղեգան փող» շուիահարներու եւ սրնգահարներու 2-րդ համահայկական մրցոյթ-փառատօնի (գեղարուեստական ղեկավար՝ Յելպերթ Ասատրեան) գլխաւոր համերգն ու մրցանակաբաշխութիւնը:

Միջոցառման ժամանակ ելոյթ ունեցան «Եղեգան փող» համահայկական մրցոյթ-փառատօնի 2023 թուականի մրցանակակիրները:

«Եղեգան փող» շուիահարներու եւ սրնգահարներու 2-րդ համահայկական մրցոյթ-փառատօնի ժամանակ մեծ մրցանակի արժանացան Երեւանի Ռ. Մելիքեանի անուան պետական երաժշտական քոլէժի սան Արեգ Մնացականեան (սրինգ), Դիլիջանի արուեստի պետական քոլէժի սան Էրիկա Պեկլարեան (շուի), Երեւանի Ա. Բաբաճանեանի անուան պետական երաժշտամանկավարժական քոլէժի սան Եդուարդ Կիրակոսեան (շուի), Արտաշատի երաժշտական դպրոցի սան Արթուր Մելքումեան (շուի):

 

Փառատօնի գլխաւոր մրցանակակիրներուն նուիրուեցան նուագարաններ: Մրցոյթ-փառատօնի ժամանակ առաջինէն երրորդ հորիզոնականները զբաղեցուցած մասնակիցները ստացան տիպլոմներ եւ նուէրներ, ինչպէս նաեւ մրցոյթ-փառատօնի տարբեր անուանակարգերու յատուկ եւ խրախուսական մրցանակներու արժանացան շարք մը մասնակիցներ:

Փառատօնին աշխոյժ մասնակցութիւն բերին նաեւ Արցախի Հանրապետութեան Ասկերանի, Տողի, Հադրութի արուեստի դպրոցներու եւ Ստեփանակերտի Կոմիտասի անուան երաժշտական դպրոցի սաները:

«Այս տարի «Եղեգան փող» փառատօնը ընթացաւ 2 փուլով. առաջին փուլը՝ Հայաստանի Հանրապետութեան բոլոր մարզերուն մէջ (10.06.2023-19.06.2023), երկրորդ փուլը՝ Երեւանի մէջ (20.06.2023-25.06.2023):

«Եղեգան փող» համահայկական մրցոյթ-փառատօնի մեկնարկը տրուած է 2021 թուականին:

Այս տարի «Եղեգան փող» 2-րդ համահայկական մրցոյթ-փառատօնը կազմակերպուեցաւ շուիահարներու եւ սրնգահարներու համար, որուն մասնակցեցան շուրջ 60 երաժիշտ։

Comments are closed.