Իշխանաձորի Մէջ Մօտ Օրէն Պիտի Սկսի Գործածուելու Բազմաբնակարան Շէնք Մը


ՔԱՇԱԹԱՂ, «Արմէնփրէս».– Քաշաթաղի շրջանի Իշխանաձոր համայնքի բազմաբնակարան շէնքը մօտ օրէն պիտի սկսի գործածուելու: Շէնքին մէկ մասը պատրաստ է, եւ հոն արդէն կ՛ապրին երկու ընտանիքներ։ Ըստ «Ապառաժ»ի՝ բազմաբնակարան շէնքին մէջ կայ 10 բնակարան: Շինարարական աշխատանքները սկսած են նախորդ տարի՝ «Թուֆէնքեան» եւ «Քաշաթաղ» բարեսիրական հիմնարկներու հովանաւորութեամբ: Նախատեսուած էր, որ բնակարանները տրամադրուէին սուրիահայ ընտանիքներու, սակայն ինչպէս Իշխանաձոր համայնքի ղեկավար Արսէն Թելունցը յայտնած է, ակնկալուածէն աւելի քիչ թիւով սուրիահայ ընտանիքներ գացած են Իշխանաձոր:
«Ներկայումս այնտեղ բնակւում է մէկ սիրիահայ ընտանիք եւ մէկ երիտասարդ ընտանիք Հայաստանից: Շուտով եւս մէկ սիրիահայ ընտանիք կը տեղափոխուի Իշխանաձոր, եւ նրանց եւս կը տրամադրուի բնակարան: Բնակիչներին կը տրամադրուի նաեւ հողատարածք, որպէսզի կարողանան զբաղուել հողագործութեամբ, անասնապահութեամբ: Մենք մեր ուժերի չափով պատրաստ ենք աջակցելու, այն ընտանիքներին, որոնք կը տեղափոխուեն այստեղ», շեշտած է Արսէն Թելունց:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.