Հազարաւոր կեանքերու փրկարար սրտաբան Հրայր Յովամիկեան պարգեւատրուեցաւ


“Մարդու սիրտը գերելը հեշտ է, շատեր կը յաջողին, իսկ ահա սիրտը փրկելը` միայն բացառիկներուն վերապահուած է: Բացառիկներէն է նաեւ սրտի վիրաբոյժ Յակոբ (Հրայր) Յովակիմեանը, որ 20 տարի առաջ եկաւ Հայաստան ու իր խումբին շնորհիւ աւելի քան 20 հազար մարդու կեանք փրկեց եւ կը շարունակէ փրկել: Ալպերթ Սթարի Ակադեմիական Կեդրոնի առաջատար սրտի վիրաբոյժ Յակոբ (Հրայր) Յովակիմեան ԱՄՆ-ի մէջ ձգեց ամէն ինչ ու եկաւ Հայաստան` իր օգնող ձեռքը մեկնելու հայ ժողովուրդին, Հայաստանի մէջ սրտի վիրահատութեան ծառայութիւն ստեղծելու: Այսօր Հայաստան ունի այդ ծառայութիւնը. ուղիղ 20 տարի առաջ ստեղծուեցաւ “Նորք Մարաշ” բժշկական կեդրոնը”,- կեդրոնի 20-ամեակին նուիրուած տօնական ձեռնարկի ժամանակ ներկայացնելով անուանի բժիշկին` այս գնահատականները հնչեցուց հաղորդավարը: Այս մասին կը հաղորդէ Panorama.am–ը:

Կեդրոնին մէջ կը կատարուին սրտի տարբեր վիրահատութիւններ (բացառութեամբ սրտի փոխպատուաստում ): Վիրահատութիւնները կը կատարուին անկախ հիւանդի տարիքէն եւ կշիռքէն: Կեդրոնը յագեցած է անհրաժեշտ եւ ժամանակակից սարքաւորումներով, նախատեսուած լիարժէք ախտորոշման եւ վիրաբուժական բուժման համար:  Այս ամէնուն կեդրոնը հասած է տարիներու ընթացքին: Առաջին վիրահատութիւնը տեղի ունեցած է 1994 թուականի Յունիսին:

“Ցնծութիւն էր մեզի համար”,- կը յիշէ կեդրոնի տնօրէն Լիտիա Մուրատեանը: Վիրահատուողը եղած է երեխայ:

Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի մէջ կեդրոնի 20-ամեակին նուիրուած տօնական ձեռնարկ կազմակերպուած էր: Ձեռնարկի սկիզբը ցուցադրուեցաւ կեդրոնի 20-ամեայ գործունէութեան մասին պատմող շարժանկար, այնուհետեւ Լիտիա Մուրատեան իր խօսքին մէջ ներկայացուց կեդրոնի ստեղծման պատմութիւնը:

“Մեր վիրաբոյժները կը պատրաստուին այստեղ, պարբերաբար կը վերապատրաստուին Եւրոպայի եւ ԱՄՆ յայտնի հիւանդանոցներուն մէջ: Մեր կեդրոնը իր կառուցուածքով, չափորոշիչներով չի զիջիր եւրոպական հիւնդանոցներուն, մեր վիրաբոյժները իրենց մասնագիտական կարողութիւններով չեն զիջիր եւրոպացի ու ամերիկացի մասնագէտներուն”,- ըսած է կեդրոնի տնօրէնը:

Ան վստահեցուցած է, որ կեդրոնը ինչպէս առաջ, հիմա, այնպէս ալ յետագային պիտի շարունակէ իր գործունէութիւնը ի շահ հիւանդին, ի շահ ժողովուրդին, պիտի նպաստէ առղջապահութեան համապատասխան ծրագիրերու ապագայ իրականացման:

Այսօր բազմաթիւ մարդոց կեանքը փրկած Յակոբ (Հրայր) Յովակիմեան ստացաւ իր արժանի պարգեւը` անձամբ Հանրապետութեան նախագահի ձեռքէն, որ ներկայ էր տօնական ձեռնարկին: Առողջապահաթեան բնագաւառին մէջ մատուցած նշանակալի ծառայութիւններուն, ներդրած անձնական մեծ աւանդին, մասնագիտական բարձր հմտութիւններուբ համար սրտային վիրաբոյժ Յակոբ Յովակիմեան պարգեւատրուեցաւ «Հայրենիքին մատուցած ծառայութիւններուն համարէ երկրորդ աստիճանի մետալով:

Պարգեւներու արժանցան կեդրոնի այլ մասնագէտներ եւս:

«Շնորհաւորում եմ բժշկական կեդրոնին 20-ամեակի կապակցութեամբ, բայց առաջին հերթին` որակեալ գործունէութեան համար: Շնորհակալութիւն եմ յայտնում կեդրոնի բոլոր աշխատակիցներին` բժշկից մինչեւ պահակէ,- իր խօսքին մէջ ըսած է նախագահ Սերժ Սարգսեան:

Նշենք թէ, Հայ անուանի բժիշկ, սրտային վիրաբոյժ Յակոբ Սահակի Հովակիմեան (աւելի յայտնի է, որպէս Հրայր Հովակիմեան) ծնած է 13 մայիսի 1953-ին, Հալէպ, Սուրիա:
1977-ին աւարտած է Հալէպի Համալսարանի բժշկական ամպիոնը։
1977-1984 թուականներուն վերապատրաստուած է Նիւ Եորքի Պեկմանի համալսարանին մէջ։

1993-ին «Նորք-Մարաշ» բժշկական կեդրոնի մէջ հիմնադրած է մանկական սրտավիրաբուժութեան բաժին։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.