Հայեր Ռուսաստանէն կը պահանջեն Ցեղասպանութեան ժխտումին պատժելիութիւնը
1243
0
«Ս. Փեթերսպուրկի Հայեր» հանրային կազմակերպութիւնը Դեկտեմբեր 1-ին դիմում մը յղած է Ռուսաստանի Պետական Դումային առաջարկելով երկրի Պատժական օրէնսգիրքին եւ վարչական իրաւախախտումներուն վերաբերեալ օրէնքին մէջ աւելցնել յօդուածներ, որոնց համաձայն վարչական հետապնդումի կþենթարկուին անոնք որոնք 1915-1922 թուականներուն Օսմանեան Կայսրութեան մէջ տեղի ունեցած ցեղասպանութիւնը հրապարակաւ կը ժխտեն։ Լուրը հաղորդած է «Ս. Փեթերսպուրկի Հայեր» կազմակերպութեան լրաբերը։