Վանի Հայկական Տեղանունները Կը Վերականգնուին


 

Վանի քաղաքապետարանի խորհուրդը քննարկած է Վան նահանգի գիւղերու եւ թաղամասերու նախկին անունները վերականգնելու հարցը։ Ըստ կայացած որոշումին, վերադարձուած են 704 գիւղերու եւ թաղամասերու հին անունները։

Այս մասին, ըստ «Ակունք» կայքի, կը հաղորդեն թրքական լրատուամիջոցները։ Այս տարուան Նոյեմբեր ամիսին, քաղաքապետարանի խորհուրդի համապատասխան յանձնախումբի կողմէ կատարուած նախապատրաստութենէն ետք տրուած որոշումին համաձայն, վերականգնուած են Բաշքալէի 81, Չալդրանի 86, Չաթաքի 34, Էդրեմիթի 18, Էրջիշի 105, Գեւաշի 37 Իփեքեոլուի 50, Մուրատիյէի 41, Օզալփի 53 եւ Սարայի գաւառի 25 գիւղերու եւ քաղաքներու նախկին անունները։

Այս որոշումը, որ կը նախատեսէ ընդհանուր թիւով 704 քրտական ու հայկական տեղանուններու վերադարձը, միաձայնութեամբ հաստատուած է քրտական Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն, ինչպէս նաեւ՝ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւններու անդամներէն բաղկացած խորհուրդի կողմէ։ Այսուհետեւ ամբողջ ներքին եւ արտաքին պաշտօնական գրագրութեան մէջ պիտի օգտագործուին այդ թաղամասերու եւ գիւղերու թրքերէն, քրտերէն ու հայերէն անունները։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.