«ԶԱՄԱՆ».«Թուրքիոյ Միակ Հայկական Գիւղը՝ Վաքըֆլը»


«Էրմենիհապեր» կայքը կը հաղորդէ, որ թրքական «Զաման» օրաթերթի յօդուածագիր Սեւըմ Շենթուրք «Թուրքիոյ միակ հայկական գիւղը» վերնագրով իր յօդուածին մէջ անդրադարձած է Թուրքիոյ տարածքին մէջ այժմ գոյութիւն ունեցող միակ հայկական գիւղի՝ Վաքըֆլըի (Մուսա Լեռ) պատմութեան, կենցաղին ու բնակչութեան։ «Ակունք» որոշ կրճատումներով կը ներկայացնէ յօդուածը։

«Այնտեղ՝ հեռուն, գիւղ մը կայ։ Այդ գիւղը Թուրքիոյ միակ հայկական գիւղն է։ Հաթայի նահանգի Սամանտաղ գաւառի կազմին մէջ է։ Առանց քիմիական նիւթերու գիւղատնտեսութիւն ունի. օրկանիք մթերք կ՚արտադրէ։ Պատմութեան ակունքներէն եկող եւ թերեւս էութիւնը չփոխած միակ հայկական գիւղն է Թուրքիոյ մէջ։ Դարաւոր ծառերու տակ, Մուսա լերան ստորոտի այդ փոքրիը, մաքրամաքուր գիւղի անունն է Վաքըֆլը։ Գիւղի ապտմութիւնը շատ հին է։ Դուք ըսէք 2-3 հազար տարի, որոշ աղբիւրներ ալ՝ 1800-1900։ Գիւղի շինութիւնները կ՚արտացոլացնեն բնակիչներու մշակոյթն ու հաւատքը։ Այդպիսի շինութիւն 19-րդ դարէն մնացած եւ 1997-ին վերակառուցուած գիւղի եկեղեցին։ Գիւղի վերջաւորութեան գտնուող գերեզմանոցն ալ կու գայ ապացուցելու, որ այստեղ դարերէ ի վեր միայն հայեր ապրած են։ Վաքըֆլը գիւղ կատարած մեր ճամփորդութեան ընթացքին մեզի ընկերակցող գիւղապետ Պերճ Քարթունը համառոտ տեղեկութիւններ կու տար գիւղին մէջ ապրողներու եւ ընդհանուր բնակչութեան մասին։ Գիւղը 1940-ականներու սկիզբը բնակչութեան թիւով շրջանին մէջ մեծագոյնը եղած է։ 60-ականներէն սկսեալ գաղթի հետեւանքով բնակչութեան թիւը նուազեցաւ։ 1964-ին արդէն 300 բնակիչ մնացած գիւղը այսօր 100 հոգիէն ալ պակաս բնակիչ ունի։

 

Նախապէս Մարիամ Աստուածածնի տօնի օրերուն տարբեր տեղեր տեղափոխուած Վաքըֆլըի բնակիչները դարձեալ կը հաւաքուէին գիւղին մէջ։ Այդ օրերուն գիւղին մէջ գտնուողներու թիւը կը հասնէր 1000-ի։ Այսօր ալ շատ վաքըֆցիներ իրենց արձակուրդներն ու ազատ օրերը գիւղին մէջ կ՚անցնեն։ Ճիշդ եկեղեցւոյ դիմաց կը գտնուի Օհաննէս Սիլահլըի տունը, ով կ՚աշխատի Ալեքսանտրեթի մէջ, սակայն շաբթուան հանգստեան օրերը կ՚անցնէ գիւղին մէջ։

Մինչեւ 1938 թուականը Մուսա լերան ստորոտներուն Վաքըֆլըին ընկերակցող եւս 6 հայկական գիւղեր կային։ Սակայն Համաշխարհային Ա պատերազմին յաջորդած իրադարձութիւններու հետեւանքով եւ 1938-ին Ֆրանսայի կողմէ շրջանը Թուրքիոյ վերադարձնելու հետ մեկտեղ սկսաւ գաղթը տեղւոյն հայերուն, որոնց մեծ մասը ապաստանեցաւ հարեւան Սուրիոյ մէջ։ Այս գիւղէն ալ գացողներ եղան, սակայն մեծամասնութիւնը որոշեց մնալ։ Գիւղէն հրաժարիլ չցանկացած հայերը տասնամեակներով մնացին իրենց հողերուն վրայ։

Այսօր Վաքըֆլըն օրկանական պտուղներ աճեցնող միակ գիւղն է Թուրքիոյ մէջ։ Գիւղին մէջ գրեթէ չկայ մէկը, ով չունենայ իր այգին։ Ամէնուր նարինջի ու մանտարիին ծառեր կան։ 650 տոնում տարածքի վրայ օրկանական գիւղատնտեսութիւն կը կազմակերպուի։ 2004-ին, նոյնիս 1 միլիոն եւրոյի չափ արտածման օգուտ բերած են երկիրին։ Սակայն գործերը այլեւս առաջուան պէս չեն ընթանար, որովհետեւ գնորդներ չեն գտնուիր։ Գտնուածներն ալ չափազանց աժան կը գնեն։ Այդ պատճառով վերջին տարիներուն դադրած են վկայական գնել (օրկանական արտադրանքի համար)։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.