Ցեղասպանութեան Նուիրուած Ժապաւէններ Պիտի Ներկայացուին 2015ին
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Յաջորդ տարուան ընթացքին հանրութեան դատին պիտի յանձնուին Հայոց Ցեղասպանութեան նուիր-ուած շարք մը շարժապատկերի ժապաւէններ: Լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս մասին յայտնած է Հայաստանի ազգային շարժապատկերի կեդրոնի տնօրէն Գէորգ Գէորգեան: Ան ընդգծած է, որ ժապաւէններէն շատեր պատրաստ պիտի ըլլան մինչեւ 24 Ապրիլ 2015, իսկ մնացածը՝ մինչեւ 2015ի աւարտը:
«Մի շարք ֆիլմեր են նկարահանւում Հայոց Ցեղասպանութեան թեմայով՝ տարբեր երկրների հետ համատեղ արտադրութեամբ: Շուտով Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցին նուիրուած միջոցառումները համակարգող պետական յանձնաժողովը կը կայացնի որոշում, եւ ֆիլմերին կը տրուի ֆինանսաւորում: Բոլոր ֆիլմերը համատեղ արտադրութեան են, եւ կարծում եմ, որ դրանք բոլորը կ՛ընդգրկուեն այդ որոշման մէջ», ըսած է Գէորգ Գէորգեան:
Ըստ անոր՝ ժապաւէնները արդէն կը նկարահանուին, անոնք պիւտճէական որոշ յատկացումներ ունին, սակայն ամբողջական չէ, այդ իսկ պատճառով դիմած են յանձնաժողովին՝ ժապաւէնը աւարտելու իմաստով ներդրում ապահովելու համար: «Կարծում եմ, որ բոլոր ֆիլմերն էլ աջակցութիւն կը ստանան», աւելցուցած է ան։