Զոհուած Գարիկ Իսպիրեանի Թաղումը Վերածուեցաւ Համաժողովրդական Ոգեկոչման


ԳԱՒԱՌ, «Արմէնփրէս».– Գեղարքունիքի մարզի Գեղհովիտ գիւղին մէջ 11 Դեկտեմբերին զինուորական կարգով, համազարկերու կշռոյթին տակ հողին յանձնուեցաւ մարտական դիրքերուն վրայ, հայրենիքի սահմանները պաշտպանելու ատեն զոհուած, հայոց բանակի զինուորական ծառայող Գարիկ Իսպիրեանի աճիւնը: Յուղարկաւորութեան արարողութեան մասնակցեցան հազարաւոր մարդիկ, որոնք կը ներկայացնէին ո՛չ միայն հայրենի Գեղհովիտը, այլ նաեւ Մարտունիի տարածքի տարբեր համայնքները:
Զոհուածին ծնողներուն սփոփելու եկած էին նաեւ Գեղարքունիքի մարզպետարանի, Մարտունիի զինուորական կեդրոնի եւ Գեղհովիտի գիւղապետարանի ղեկավար կազմը եւ աշխատակիցները, գիւղի մանկավարժական կազմերը եւ աշակերտները, զինուորականներ, այլ պաշտօնեաներ:
Գեղհովիտի թիւ 2 միջնակարգ դպրոցին մէջ, ուր ուսանած է Գարիկ Իսպիրեան, ստեղծուած է Փառքի անկիւն, ուր տեղադրուած է անոր լուսանկարը եւ թարմ ծաղկեփունջեր: «Մեր գիւղը նման բազմամարդ, հանդիսաւոր ու հոգեբուխ յուղարկաւորութիւն երեւի թէ քիչ էր տեսել: Բոլորն էին լուռ ու գլխահակ, առանց աւելորդ բառերի, բայց հոգով ու սրտով կարեկցում էին որդեկորոյս ծնողներին, կեանքի դեռ 20 գարունը չբոլորած Գարիկի համար հոգու անհուն ցաւ ապրում, ով ընկաւ թշնամու դաւադիր գնդակից: Այսուհետ մենք գիւղովի կը փառաբանենք նրա անունը՝ որպէս հայրենասիրութեան դաս ապրողներիս ու գալիք սերունդներին», «Արմէնփրէս»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է Գեղհովիտի թիւ 2 միջնակարգ դպրոցի տնօրէն Մանուէլ Սաֆարեան։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.