Թուրքիան Ականազերծման Աշխատանք Պիտի Կատարէ Հայաստանի, Իրանի Եւ Ատրպէյճանի Սահմաններուն Վրայ


Հայաստանի, Իրանի եւ Ատրպէյճանի (Նախիջեւան) հետ սահմաններու՝ ընդհանուր թիւով 225 ականապատ տարածքներուն մէջ ականազերծում կատարելու նպատակով Թուրքիան յայտարարած է մրցոյթ։ Անոր մասնակցելու դիմում ներկայացնող կազմակերպութիւններուն կարգին է Ատրպէյճանի ականազերծման ազգային գործակալութիւնը՝ «ԱՆԱՄԱ»ը: 8 Դեկտեմբերին այս մասին տեղեկացուցած է ատրպէյճանական «ԱՊԱ» գործակալութիւնը:
«ԱՆԱՄԱ»էն բացի, ականազերծումը կատարելու պատուէր ստանալու համար կը պայքարին նաեւ Միացեալ Նահանգներու, Պոսնիոյ եւ Հերցեկովինիոյ, ինչպէս նաեւ Բրիտանիոյ ականազերծող ընկերութիւնները:
Նշուած է, որ ծրագիրը իրականութիւն կը դառնայ «ՄԱԿի Զարգացման ծրագիր»ի (UNDP) աջակցութեամբ եւ կ՛արժէ շուրջ 80 միլիոն ամերիկեան տոլար: Յատկանշական է, որ թրքական կազմակերպութիւնները չեն մասնակցիր մրցոյթին, քանի որ ՄԱԿի կայացուցած գնահատման մրցոյթին չեն կրցած անհրաժեշտ կէտեր ապահովել։
Ականազերծման աշխատանքները կը նախատեսուի կատարել ներկայիս Թուրքիոյ սահմանամերձ նահանգներուն մէջ՝ Արտահանի, Կարսի, Իգտիրի, Սուրմալուի եւ Վանի մէջ: Գործընթացին պիտի վերահսկէ Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարութիւնը:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.