Գերմանական Խմբաւորում Մը Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առթիւ Համաշխարհային Ընթերցման Նախաձեռնութեան Կը Դիմէ


Armenian Mirrior Spectator կը հաղորդէ, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առթիւ բազմաթիւ նախաձեռնութիւններու շարքին է հայկական գրական երկերու ընթերցման նախաձեռնութիւն մը, որ կազմակերպուած է Գերմանիոյ մէջ երկու մշակութային հիմնարկներու կողմէ։ Նախաձեռնութիւնը 1915-ին ձերբակալուած եւ սպաննուած հայ մտաւորականներու յիշատակը պիտի յարգէ անոնց գրական գործերուն եւ հետագայ գրողներու երկերու հրապարակային ընթերցումներ կատարելով։ Նոյեմբեր 20-ին, Պերլինի Պունտըսփրեսքոնֆերենցի մէջ Լեփսիուսհաուզի տնօրէն դոկտ. Ռոլֆ Հոսֆելտ եւ Պերլինի գրական միջազգային փառատօնէն Ուլրիխ Շրայպըր նախաձեռնութիւնը ներկայացուցին միջազգային մամուլի ներկայացուցիչներուն։ Կազմակերպիչներուն հրապարակած կոչը հետեւեալն է.«Պերլինի գրականութեան միջազգային փառատօնը եւ Փոցտամի Լեփսիուսհաուզը կոչ կ՚ուղղեն համաշխարհային ընթերցում կատարել 24 Ապրիլ 2015-ին՝ Հայոց ցեղասպանութեան սկզբնաւորութեան 100-ամեակը նշող օրը։

«Քանի մը հարիւր հայ մտաւորականներ՝ բանաստեղծներ, երաժիշտներ, խորհրդարանականներ եւ հոգեւորականներ, 24 Ապրիլ 1915-ին ձերբակալուեցան Պոլսոյ մէջ (մերօրեայ Իսթանպուլ) եւ տեղահանուեցան դէպի Թուրքիոյ ներքին տարածքներ, ուր անոնց մեծամասնութիւնը սպաննուեցան։ Ատիկա մարդկութեան դէմ ոճիրի մը սկիզբն էր։ Համաշխարհային Ա. պատերազմի ընթացքին հայերու բնաջնջումը արդի ժամանակներու ծրագրուած եւ գործադրուած առաջին ցեղասպանութիւնն էր։ Այս ցեղասպանական արշաւին ընթացքին Օսմանեան կայսրութեան մէջ աւելի քան մէկ միլիոն հայեր սպաննուեցան։«Դէպքերը տեղի ունեցան ամբողջ աշխարհի աչքերուն առջեւ եւ յստակ կերպով փաստագրուած են գերմանական, Աւստրիա-հունգարական, իտալական, ամերիկեան, սքանտինաւեան, հայկական եւ օսմանեան աղբիւրներու մէջ, ինչպէս նաեւ պատմական հետազօտական բազմաթիւ աշխատութեանց մէջ։ Օգոստոս 1915-ին, «Նիւ Եորք Թայմզ»-ը հաղորդեց մինչեւ այդ օրը պատմութեան մէջ աննախադէպ, կանոնաւոր կերպով ծրագրուած ցեղային մաքրագործման ու բնաջնջման մը մասին։ Գերմանիոյ Ռայխի կառավարութիւնը, որ դաշնակից էր Օսմանեան կայսրութեան, նոյն եզրակացութիւններուն հանգեցաւ առանց տեղի ունեցողին նկատմամբ որեւէ քայլի դիմելու։

«Թրքական քաղաքական աշխարհը մինչեւ օրս կը ժխտէ Հայոց ցեղասպանութիւնը, թէեւ փաստերը աւելի քան հարիւր տարիէ ի վեր ծանօթ են։ Հնդիկ գրող Արունտհաթի Ռոյ հրապարակաւ այս գայթակղութեան մասին խօսեցաւ բազմաթիւ առիթներով, ներառեալ 2009-ի Պերլինի միջազգային գրականութեան փառատօնին ընթացքին։ 1915-ին անոր յաջորդող տարիներուն բազմաթիւ հայ ձայներ լռութեան մատնուեցան։ Այդ ժամանակէն ի վեր, ուրիշ ձայներ բարձրացած են եւ խօսած մոռացման դէմ, անոնց շարքին են թրքական ժողովրդավարական քաղաքացիական հասարակութենէն ձայներ։ Առ ի յիշատակ զոհերուն եւ ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման պահանջին զուգահեռ, կոչ կ՚ուղղենք 24 Ապրիլ 2015-ին աշխարհատարած ընթերցանութիւն կատարելու՝ օգտագործելով գրութիւնները հայ գրողներու, որոնց շարքին Սիամանթոյի, Կոմիտասի, Եղիշէ Չարենցի, Ուիլիըմ Սարոյեանի, Յովհաննէս Շիրազի, Պարոյր Սեւակի, Յակոբ Մնցուրիի, Սիլվա Կապուտիկեանի եւ Հրանդ Տինքի»։

Ռոլֆ Հոսֆելտի, Քոնրատ Քուհնի, Ուլրիխ Շրայպըրի եւ Յասմիկ Պապեանի կողմէ կոչի ստորագրումէն ետք, զայն ստորագրած են 65 երկիրներէ աւելի քան 400 անձեր։ Անոնց շարքին են Նոպէլեան մրցանակիրներ Էլֆրիտ Ելնեք, Մարիօ Վարկաս Լլոսա, Ճոն Մ.Քէօցէ, Հերթա Միւլըր, Օրհան Փամուք, ինչպէս նաեւ Էլիֆ Շաֆաք, Ալպերթօ Մանկուէլ, Պրայթըն Պրէյթընպախ եւ Ճոն Աշպըրի։

Ինչպէս կազմակերպիչները մամլոյ ասուլիսին ընթացքին նշեցին, իրենք կը յուսան, որ ընթերցումները տեղի պիտի ունենան 21 Ապրիլ 2015-ին աշխարհի տարածքին բազմաթիւ քաղաքներու մէջ։ Նախաձեռնութեան միանալով հետաքրքրուած անհատներն ու կազմակերպութիւնները պէտք է կապ հաստատեն հետեւեալ ե-նամակի հասցէին հետ. sophie.gruber@literaturfestival.com


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.