«Նոր Հալէպ» Թաղամասի Կառուցումը Ժամանակաւոր Դադարի Մէջ Է». Ֆիրդուս Զաքարեան


 

ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա». – «Նոր Հալէպ» թաղամասի կառուցումը ուժի մէջ է, սակայն այս պահին չկան համապատասխան ֆինանսական միջոցներ, այդ պատճառով էլ դեռեւս բուն աշխատանքները սկսուած չեն», ըսած է Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան աշխատակազմի ղեկավար Ֆիրդուս Զաքարեանը «Փանորամա»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին։
Ան տեղեկացուցած է, որ ծրագիրի ներկայացման ժամանակ աշխատանքներու աւարտի որեւէ ժամկէտ նշուած չէր. «Սա բարի ցանկութիւն էր՝ կախուած սիրիահայերի տրամադրութիւնից: Նրանք էլ սկզբից ասում էին, որ իրենց ֆինանսական միջոցներով կը մասնակցեն, յետոյ եկաւ մի շրջան, որ ֆինանսապէս բարդացաւ իրենց մասնակցութիւնը»:
Ֆիրդուս Զաքարեան նաեւ նշած է, որ Սփիւռքի բարերարներուն եւս պէտք է դիմէին այս հարցով, սակայն Սուրիոյ մէջ իրավիճակը այնպիսին էր, որ չէին կրնար ըսել՝ «եկէք Հայաստան բնակարան կառուցելու եւ աչքաթող արէք Հալէպում ռմբակոծութիւնից տուժածներին»:
«Մենք նոյնիսկ կանադահայ բարերարների հետ ենք քննարկել ծրագիրը, սակայն նրանք խնդրեցին, որ այն ինչ կարող են անել, անեն Գիւմրիի համար, այնտեղի խնդիրները լուծելու եւ աւարտելու: Մենք դէմ չենք եւ չենք կարող բարերարներին պարտադրել, այս ծրագրի համար գումարներ ներդնել», աւելցուցած է Ֆ. Զաքարեան:
Յիշեցնենք, որ Աշտարակի մէջ՝ դէպի Էջմիածին գացող մայրուղիին վրայ կառուցուելիք «Նոր Հալէպ» թաղամասին մէջ ամբողջովին պատրաստ բնակարաններու քառակուսի մեթրը, ըստ նախնական հաշիւներու, պիտի արժէր 500-550 տոլար, իսկ ոչ յարդարուած վիճակին մէջ եղողները՝ 350-400:
«Փանորամա»ն նաեւ զրուցած է բազմաթիւ սուրիահայերուն հետ, որոնք դիտել տուած են, թէ իրենք նիւթապէս ծանր վիճակի մէջ են, չեն կրնար վճարումներ ընել, կը նախընտրեն այդ գումարներով, թէկուզ Աշտարակ քաղաքին մէջ, արդէն պատրաստ բնակարաններ գնել՝ նշելով, որ իրենք վարձքով կ՛ապրին եւ տան վարձքին զուգահեռ նոր բնակարան ձեռք բերելու գումարներ չեն կրնար վճարել:

 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.