Տրապիզոնի Ապահովութեան Նախկին Տնօրէնը Պիտի Հարցաքննուի Տինքի Սպանութեան Գծով


ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թրքական «Էվրենսել» լրատու կայքը կը հաղորդէ, որ Հրանդ Տինքի սպանութեան դատավարութեան գծով բացատրութիւններ տալու հրաւիրուած է նաեւ Տրապիզոնի այդ օրերու ապահովութեան տնօրէն Ռեշատ Ալթայը։
Տինքի սպանութեան դատավարութեան դատախազը հարցաքննութիւններ կ՛ընէ ստուգելու համար, թէ սպանութեան մէջ հանրային պաշտօնեաներ թերացումներ ունեցա՞ծ են։
Ռեշատ Ալթայ յառաջիկայ շաբաթ պիտի պատասխանէ դատախազի հարցումներուն։ Դատախազը արդէն իսկ հարցաքննութեան ենթարկած է ոստիկան Պահատըր Թեքին, որ կասկածելի նկատուած էր նախապէս։ Ան վերստին բացատրութիւններ տալու հրաւիրած է նաեւ անպարտ արձակուած գլխաւոր կասկածելիներ Էրհան Թունճելն ու ցկեանս բանտարկութեան դատապարտուած Եասին Հայալը։
«Դժուար չէ ենթադրել, որ բոլոր այս հարցաքննութիւններէն շօշափելի նոր տեղեկութիւն մը պիտի չստացուի», կը գրէ «Մարմարա»։
Թրքական մամուլը անցեալ շաբաթ բաւական մելան հոսեցուցած էր Հրանդ Տինքը սպաննած Օկիւն Սամասթի մասին։ Ինչպէս հաղորդած էինք, Սամասթ դիմած էր դատախազութեան՝ պնդելով, որ նոր ըսելիքներ ունի։ Ան անցած շաբաթավերջին դարձեալ հարցաքննուեցաւ դատախազին կողմէ եւ ապա հաղորդուեցաւ, որ Սամասթ երրորդ անուն մըն ալ տուած է ու թելադրած, որ հետապնդում կատարուի այս երրորդ անուան շուրջ եւս։ Սամասթ հարցաքննութեան ընթացքին պնդած է, որ ոճիրի օրէն մէկ օր առաջ, երբ Պոլիս եկած էր, զգացած էր, որ կը հետապնդուի երկու հոգիի կողմէ։ Այս հետապնդումէն անհանգստանալով՝ հեռաձայնած էր այս հարցով կասկածելի հռչակուածներէն Եասին Հայալին ու ըսած էր, որ հետապնդումի ենթակայ է։ Հայալ պատասխանած էր, որ անհանգստանալու բան չկայ եւ Հրանդ Տինքը սպաննելու ծրագիրը նոյնութեամբ պիտի գործադրուի։
«Նորութիւն»ը այն է, որ Սամասթ այս անգամուան հարցաքննութեան ընթացքին դատախազին թելադրած է, որ գտնէ զինք հետապնդող այս երկու անձերը։ «Եթէ կ՛ուզէք լուսաբանել այս սպանդին ներքին ծալքերը, գտէք այս երկու անձերը», ըսած է Սամասթ։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.