Թրքերէնով Նոր Գիրք՝ Հայերու Բռնի Իսլամացման Մասին


ԵՐԵՒԱՆ, «Ակունք».- Թուրքիոյ մէջ հրատարակուած է Հայկական Ցեղասպանութեան վերաբերեալ բազմաթիւ գիրքերու հեղինակ, թուրք փրոֆեսէօր Թաներ Աքչամի «Հայերու Բռնի Իսլամացումը. Լռութիւն, Ժխտում Եւ Ուծացում» գիրքը («Իլեթիշիմ» հրատարակչութիւն):
Ըստ թրքական լրատուամիջոցներու՝ հատորը այս նիւթին առնչուող յօդուածներու հաւաքածոյ մըն է: Գիրքին մէջ տեղ գտած առաջին յօդուածին մէջ, Աքչամ կը ներկայացնէ, թէ ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս սկսած է հետաքրքրուելու Հայկական Ցեղասպանութեամբ եւ վերջին 30 տարիներուն ինչպիսի՞ հակազդեցութիւններու հանդիպած է անոր պատճառով:
Երկրորդ յօդուածին մէջ ան կ՛անդրադառնայ Սարգիս Թորոսեանի յուշերու հրապարակման հետեւանքով մեկնարկած եւ տարբեր ճակատներու վրայ շարունակուած բանավէճին, իսկ ժողովածուի վերջին յօդուածին մէջ, որ նաեւ ամենահամապարփակն է երեք յօդուածներէն, Աքչամ կը վերլուծէ հայերու բռնի ուծացման հարցը: Ըստ Աքչամի՝ հայերը թրքական ընկերութեան մէջ ձուլելու արարքը կատարուած է առնուազն չորս ձեւերով՝ բռնի իսլամացում, ժամանակաւոր վերաբնակեցում, երեխաներու հաւաքագրում եւ իսլամ ընտանիքներու յանձնում, ապա վերջապէս՝ մանկամարդ կանանց ու աղջիկներու բռնի ամուսնութիւն՝ իսլամներու հետ: Թուրք պատմաբանը կը պնդէ, թէ բռնի ուծացումն ու ձուլումը Հայկական Ցեղասպանութեան անքակտելի մէկ մասն են։ Ան նաեւ կ՛անդրադառնայ այն հարցին, թէ ինչո՞ւ այդ փաստը մինչ օրս անտեսուած է:
Միւս կողմէ, «Սի.Էն.Էն. Թիւրք» լրատուականը վերջերս անդրադարձած է Հայաստանի «Կենտրոն» կայանի մէկ նիւթին, ուր կը խօսուի քրտական հարցի լուծման հեռանկարներուն եւ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ ներկայիս ապրող հայերու թիւին մասին: «Թուրքիոյ 4 միլիոն հայերու առկայութեան մասին պնդում» վերնագիրով նիւթին մէջ, «Սի.Էն.Էն. Թիւրք»ը կը ներկայացնէ Նայիրի Յոխիկեանի պատրաստած վաւերագրականը:
Չորս միլիոն հայերու գոյութեան վարկածէն բացի, թրքական կայքը կը յիշեցնէ «Իսլամացուած հայեր» խորհրդաժողովին մասնակցած Այշէ Կիւլ Ալթընայի այն յայտարարութիւնը, ուր ան հաստատած էր, թէ այժմ Թուրքիոյ մէջ կ՛ապրին իսլամացած հայերու միլիոնաւոր ժառանգորդներ:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.