«Թուրքիոյ Երիտասարդական Միութիւն»ը 2015-ին Հակահայ Ցոյց պիտի Կազմակերպէ Անգարայի ՄԷջ
1447
0
Թուրքիոյ երիտասարդական միութեան (Türkiye Gençlik Birliği) ղեկավար Չաղտաշ Ճէնկիզը, մասնակցելով Միւնխենի մէջ կազմակերպուած «Աթաթուրքը եւ երիտասարդութիւնը» խորագիրով համաժողովին, իր ելոյթին մէջ անդրադարձած է Հայոց ցեղասպանութեան գալիք հարիւրամեակին: Այս մասին կը յայտնէ Ermenihaber.am-ը:
Ըստ թրքական «Հապեր 1» լրատուական կայքին, Ճէնկիզը ներկաներուն հաւաստիացուցած է, թէ իրենք լրջօրէն կը պատրաստուին հակադարձել ցեղասպանութիւնը միջազգայնօրէն ճանչնալ տալու հայկական գործողութիւններուն: Եւ ահա ծրագրած են, որ 2015-ի Ապրիլ 23-ին Թուրքիոյ մայրաքաղաքին մէջ հզօր ցոյց մը կազմակերպել: