Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակը պիտի ոգեկոչուի Պոլսոյ մէջ


(Պոլիս, Դեկտեմբեր 8, 2014) – ՏուրՏէ եւ Նախագիծ 2015 խմբակցութիւնները այսօր յայտարարեցին, թէ թուրք եւ ամերիկահայ կազմակերպութիւններ միասին աշխատանքի լծուած են Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակը նշելու համար 2015ի Ապրիլ 24ին, կոչ ուղղելով, որ աշխարհի չորս կողմերէն հայեր ներկայ ըլլան։ Օսմանեան ղեկավարութեան կողմէ դար մը առաջ կազմակերպուած դիտաւորեալ արշաւը պատճառ դարձաւ այդ պետութեան հայ քաղաքացիներու լայն մեծամասնութեան մահուան եւ տարագրութեան։

 Թէեւ թրքական խմբաւորումներ վերջին քանի մը տարիներուն ոգեկոչական ձեռնարկներ կազմակերպած էին Պոլսոյ մէջ, ՏուրՏէ եւ ԱՄՆէն Նախագիծ 2015 ընկերակցութիւնները աշխատանք կը տանին արտասահմանէն մեծաթիւ հայերու մասնակցութիւնը ապահովելու Թուրքիոյ մէջ կատարուելիք այս պատմական յիշատակումին։

 «Համայն աշխարհի հայերը կը հրաւիրենք եւ կը քաջալերենք, որ Թուրքիոյ քաղաքացիներու հետ մէկտեղուին մասնակցելու համար Իսթանպուլի մէջ կատարուելիք այս ոգեկոչական միջոցառումներուն», ըսաւ ՏուրՏէ խմբակցութենէն Լեվէնթ Սէնսեվէր, աւելցնելով, թէ «որպէս թուրքեր, մեր զօրակցութիւնը կ՚ուզենք արտայայտել հայերուն՝ մինչ մեր յարգանքի տուրքը կը մատուցենք այս ահռելի ոճիրի զոհերուն եւ վերապրողներուն, ճնշում բանեցնելով նաեւ մեր կառավարութեան վրայ որպէսզի ճանչնայ Ցեղասպանութիւնը»։

 Պոլսոյ ձեռնակներու շարքին, Ապրիլ 24ի երեկոյեան հանրահաւաք մը պիտի կատարուի Թաքսիմի հրապարակը։ Յիշատակի արարողութիւն մը նաեւ տեղի պիտի ունենայ Շիշլիի Հայ Առաքելական գերեզմանատան մէջ, ուր թաղուած է Սեւակ Շահին Պալըգճի՝ թրքական բանակին մէջ ծառայող հայ զինուոր մը, որ թուրք զինուորի մը կողմէ սպաննուեցաւ 2011ի Ապրիլ 24ին։ Ծրագրուած ձեռնարկներուն շուրջ տեղեկութիւն կարելի է ստանալ այցելելով http://www.armenianproject2015.org/։

 «Որպէս հայեր, Պոլիս կ՚երթանք յիշատակելու համար մեր ընտանեկան անդամներու վայրագ ջարդն ու աշխարհին յիշեցնելու, թէ հարիւր տարի ետք մենք տակաւին արդարութիւն եւ հաշուետուութիւն կը պահանջենք թուրք կառավարութենէն», ըսաւ Սառա Լի Ուիթսըն՝ Նախագիծ 2015ի վարչական մարմնի անդամներէն։ «Մեզմէ շատերուն համար ասիկա առաջին վերադարձը պիտի ըլլայ դէպի մեր նախնիներու հողերը, ուր անոնք հազարամեակներ ապրած էին մինչեւ իրենց սպանութիւնն ու արտաքսումը ասկէ հարիւր տարի առաջ»։

 Հայոց Ցեղասպանութեան քննարկումը տակաւին մեծ դիւրազգածութիւն պատճառող նիւթ է Թուրքիոյ մէջ, եւ ենթակայ՝ քրէական պատժամիջոցներու։ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին կատարուած ակնարկութիւններու պատճառով թուրք կառավարութիւնը դատի տուած է լրագրողներ, գրողներ եւ ակադեմական անձնաւորութիւններ։ Այնուհանդերձ, վերջերս Պոլսոյ մէջ Ցեղասպանութեան ոգեկոչումներ կայացած են առանց միջադէպերու, միաժամանակ վայելելով քաղաքապետական ոստիկանութեան պաշտպանութիւնը։

 2014ին, օրուան վարչապետ Թայիփ Էրտողան իր ցաւակցութիւնը յայտնեց «քսաներորդ դարու սկզբնաւորութեան շրջարկին մէջ իրենց կեանքը կորսնցուցած հայերու» թոռներուն, սակայն թերացաւ ճանչնալու համակարգուած կերպով այդ կորուստները պատճառող Օսմանեան կառավարութեան դերը։

 «Որպէս թուրքեր, ճիգ կը թափենք ընդլայնելու համար տարածք մը ուր վիճարկուին այն դէպքերը, որոնք տարին դէպի մեր շրջանի բնիկ հնագոյն համայնքներէն մէկուն գրեթէ ամբողջական կործանումին», աւելցուց Սէնսեվէր։ «Կ՚ուզենք աշխարհին ցոյց տալ, որ մինչ թրքական կառավարութիւնը կրնայ դեռ պատրաստ չըլլալ առերեսուելու այս երկրի անցեալին հետ՝ մենք, որպէս Թուրքիոյ քաղաքացիներ, արդէն պատրաստ ենք»։

 ՏուրՏէ քաղաքացիական ու մարդկային իրաւունքներով զբաղող գլխաւոր կազմակերպութիւններէն է Թուրքիոյ մէջ, ու կը պայքարի ցեղապաշտութեան, ազգայնապաշտութեան եւ ատելական ոճիրներու դէմ։ Գործիչներու ցանց մըն է, որ վերջին տարիներուն կարեւոր դեր ունեցած է Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակման Պոլսոյ ձեռնարկներու կազմակերպման մէջ։ Նախագիծ 2015 ԱՄՆի մէջ գործող ոչ-շահութաբեր կազմակերպութիւն մըն է, բաղկացած հայերէ, թուրքերէ եւ ամերիկացիներէ, նպատակ ունենալով լայն մասնակցութիւն ապահովել Պոլսոյ մէջ կատարուելիք ոգեկոչական ձեռնարկներուն։

 «Խորապէս իմաստալից փորձառութիւն մը պիտի ըլլայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ոգեկոչել այն վայրին մէջ, ուր ոճիրները գործադրուեցան», ըսաւ Նէնսի Գրիգորեան՝ Նախագիծ 2015ի վարչական մարմնի անդամներէն։ «Պոլսոյ մէջ մեր ներկայութիւնը ջնջումին ու ժխտողութեան հանդէպ դիմադրութեան ձեւ մը պիտի ըլլայ»։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.