Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ Տարելիցին Նուիրուած Նախաձեռնութիւններ
Սիրելի՛ հայրենակիցներ,
Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին ընդառաջ կ’իրականացուին համահայկական տարբեր ծրագիրներ, որոնց մէկ մասին իրականացման միջոց դարձած է facebook հասարակական կայքը, այդ առումով«#2015RTAG. Recognize The Armenian Genocide»-ը առաջինն էր, որ մեծ հնչեղութիւն ստացաւ եւ կը հաւակնի 1,5 միլոն հայորդիներու կոչը հաւաքել եւ “կը յիշեմ ու կը պահանջեմ” կարգախօսը լսելի դարձնել ի լուր աշխարհին ։
Առ այդ կ’ակընկալենք մեր հայրենակիցներու մասնակցութիւնը տուեալ շարժման՝ ի դէպ կոչ կ’ուղղենք նկարուիլ պատշաճ կեցուածքով ու պահանջատէրի դէմքի արտայայտութեամբ։ Ընդամէնը պէտք է բեռնել ստորեւ գտնուած նկարը, նկարուիլ ու տեղադրել այստեղhttps://www.facebook.com/19152015RecognizeTheArmenianGenocide
Այդ ծիրէն ներս յաջորդ ծրագիրը, որ շատ շուտով պիտի իրականացուի ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութիւնն է. սփիւռքի մանուկները իրենց տարածաշրջանի Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձաններուն մօտ պիտի նկարուին՝ հետեւեալ փաստը իբրեւ խարան կնքելու թուրքի ճակատին “Ցեղասպանութեան հետեւանքով միլիոնաւոր մանուկներ լոյս աշխարհ չեկան”։
Կը խնդրենք այս պաստառով երեխաները նկարել ձեր տարածաշրջաանի ցեղասպանութեան յուշարձանի մօտ եւ նակարները ուղարկել press@mindiaspora.am կամ hayernaysor@gmail.com ։
ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւն