Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն նուիրուած զանգակատուն-յուշարձան կը կառուցուի Ստեփանակերտի մէջ


Ստեփանակերտի մէջ կը կառուցուի Հայոց Մեծ Եղեռնի զոհերու յիշատակին նուիրուած զանգակատուն-յուշարձան։ Այս մասին կը յայտնէ Karabagh-life կայքէջը:

Յուշակոթողի ճարտարապետներ Վլադիկ եւ Միքայէլ Սարգսեանները կը հաղորդեն, որ նախատեսուած է աշխատանքը աւարտին հասցնել ցեղասպանութեան 100-ամեակի շեմին։

»Շուտով չորս կողմէն պիտի տեղադրուին կամարները, ապա՝ զանգն ու խաչը։ Վերջաւորութեան պիտի կառուցենք ծածկոյթը«, կը յայտնեն ճարտարապետները։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.