Տարեցներու պարգեւատրում Գանատայի ՀՀ դեսպանատան մէջ
1566
0
Շաբաթ, 29 Նոյեմբեր 2014-ին, Գանատայի Մայրաքաղաք` Օթաուայի մէջ, ընդ բարձր հովանաւորութեամբ Գերաշնորհ Տ. Մեղրիկ Սրբ. Եպս. Բարիքեանի, կազմակերպութեամբ Հ.Օ.Մ.ի «Սեւան» մասնաճիւղին, եւ հիւրընկալութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան Արտակարգ եւ Լիազօր Դեսպան պրն. Արմէն Եգանեանին եւ իր տիկնոջ, Դեսպանատան մէջ տեղի ունեցաւ մայրաքաղաքին մէջ ապրող հայ տարեցներու պարգեւատրում։ Ներկայ էին նաեւ Հոգեշնորհ Տ. Վարդան Աբղ. Թաշճեան՝ Գանատայի Հայոց Թեմի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Խորհուրդի Վարիչ, Պրն. Գրիգոր Տէր Ղազարեան՝ Ազգային Վարչութեան Քաղաքական Ժողովի Ատենապետ եւ Ազգային Առաջնորդարանի Դիւանապետ Տանիա Օհանեան։
Պարգեւատրման երեկոն ընթացաւ ջերմ եւ մտերմիկ մթնոլորտով, որուն ընթացքին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն։ Իր սրտի խօսքը փոխանցեց Պրն. Դեսպանը ըսելով թէ Դեսպանատունը տունն է հայուն եւ ուրախութեամբ մասնակից կը դառնան սոյն նախաձեռնութեան։ Հ.Օ.Միութեան «Սեւան» մասնաճիւղի ատենապետուհի տիկին Վանտա Սաղտըճեան, շնորհակալութիւն յայտնեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր իր այցելութեան համար եւ այս նախաձեռնութիւնը նախագահելուն համար։ Աւարտին, Թեմակալ Առաջնորդը իր խօսքին ընդմէջէն նախ շնորհաւորեց տարեցները շեշտելով թէ 2014 տարին Հայ Տարեցներու Տարի Հռչակուած է Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի կողմէ, յիշեցնելով որ մեծերը յարգելը, սիրելը եւ պատուելը, առաքինութեանց լաւագոյնն է։ Վերջապէս Սրբազան Հայրը Շնորհակալութիւն յայտնեց Պատուակալ Դեսպանին եւ իր տիկնոջ իրենց յաճախակի հիւրընկալութեան եւ ծառայասիրութեան համար, յիշեցնելով թէ Դեսպանատունը սփիւռքի մէջ կտոր մը Հայրենիք է, որուն վրայ կենալով, մենք կ’ապրինք ու կը համակուինք Մայր Հայրենիքի հանդէպ ունեցած հարազատ զգացումներով։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը գնահատեց նաեւ Հ.Օ.Մ.ի «Սեւան» մասնաճիւղը իրենց այս նախաձեռնութեան համար եւ նուիրական ու շարունական ճիգերուն համար, որպէս մարդասիրական կազմակերպութիւն։