Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Վեհափառը հերքեց երուսաղէմի պատրիարքի նամակին մէջ արծարծուած պնդումները


«Մայր Աթոռը Ամենեւին Չէ Փորձած Իր Ազդեցութեան Գօտիին Մէջ Առնել Երուսաղէմի Ու Պոլսոյ Նուիրապետական Աթոռները»

Ինչպէս կը սպասուէր, Երուսաղէմի Պատրիարք Նուրհան Արք. Մանուկեանի ստորագրութեամբ Ամենայն Հայոց Հայրապետ Գարեգին Բ.ի ուղղեալ նամակը օրէ օր աւելի կը փոթորկէ մեր եկեղեցական ու ազգային շրջանակները։ 

Մարմարայի խմբագիր պրն. Ռոպէր Հատտէճեան անցնող օրերուն հեռաձայնով կապ հաստատած է Ամենայն Հայոց Հայրապետ Գարեգին Բ.ի հետ, այս հարցին առնչութեամբ բացատրութիւններ եւ յստակացումներ ստանալու համար:

Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը յայտնեց թէ բացարձակապէս սխալ է Երուսաղէմի Պատրիարքական Աթոռը Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի տիրապետութեան տակ առնելու պնդումը, Մայր Աթոռը այդպիսի փափաք մը չունի ու չի՛ կրնար ունենալ, ինչպէս որ սխալ է նաեւ այն պնդումը թէ Մայր Աթոռը ուզած էր նոյնը ընել Պոլսոյ Նուիրապետական Աթոռի համար ու այդ պատճառով ալ խնդիրներ ունեցած էր Մեսրոպ Պատրիարք Սրբազանին հետ։ Վեհափառ Հայրապետը յստակ կերպով յայտնեց, որ Երուսաղէմի ու Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռները «ազգային արժէք»ներ են եւ Մայր Աթոռը կը յարգէ անոնց պատմական հեղինակութիւնը։

Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը մասնաւոր կերպով կանգ առաւ Նուրհան Պատրիարքին նամակին մէջ յառաջ քշուած այն պնդումին վրայ թէ Մայր Աթոռը ուզած էր իր տիրապետութեան տակ առնել Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռը եւ Մեսրոպ Սրբազան արգելք հանդիսացած էր։ Վեհափառ Հայրապետը դիտել տուաւ որ անհիմն է այս պնդումն ալ եւ յայտնեց թէ ճիշդ է որ Մեսրոպ Պատրիարքին հետ ունեցած է տարակարծութիւններ ու դժուարութիւններ, բայց Մեսրոպ Սրբազանին նամակները, որոնք պահուած են Մայր Աթոռի արխիւին մէջ ցոյց կուտան որ Մայր Աթոռը չէ փորձած Պոլսոյ Նուիրապետական Աթոռը զրկել իր ինքնավարութենէն ու հեղինակութենէն։

Վեհափառ Հայրապետին հետ խօսելէ ետք, պրն. Հատտէճեան կապ հաստատեց նաեւ Պոլսոյ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ, Կրօնական Ժողովի երբեմնի Ատենապետ Արամ Աթէշեան Սրբազանին հետ եւ հարցուց Պոլսոյ Աթոռի մասին եղած պնդումներու առընչութեամբ։ Արամ Սրբազան յայտնեց թէ Կրօնական Ժողովի իր ատենապետութեան շրջանին այսպիսի հարց մը բնաւ չէ արծարծուած եւ Մեսրոպ Սրբազանին նամակագրութեան մէջ ալ այսպիսի հարց մը խնդրոյ առարկայ չէ դարձած։Անկասկած, մենք ալ կը մասնակցինք միասնութեան եւ համերաշխ լուծման բոլոր կոչերուն եւ կը սիրենք մաղթել որ բոլոր երրորդ կողմերը, մէկդի դնելով իրենց անձնական խնդիրներն ու մօտեցումները, շինիչ դեր կը ստանձնեն Աթոռներու միջեւ ծագած այս փոթորիկը մարելու ուղղութեամբ։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.