Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքը դիրք կը գրաւէ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին դէմ


Գրեց՝ Ռ ՀԱՏՏԷՃԵԱՆ

Եկեղեցասէր ու ազգասէր ամէն Հայ մարդու համար ցաւալի է տեսնել որ Հայաստանեայց Եկեղեցին դարձեալ կ՚ապրի նոր տագնապ մը որու հետեւանքով անգամ մը եւս ոտնակոխ կ՚ըլլան եկեղեցական ու ազգային մեր սուրբ արժէքները։ Հարցը կը վերաբերի Երուսաղէմի Պատրիարքին ու Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին միջեւ ծագած բանավէճի մը։

Քանի մը օրէ ի վեր համացանցի էջերուն վրայ կը շրջի Երուսաղէմի Պատրիարք Նուրհան Արք. Մանուկեանի ստորագրութեամբ նամակ մը որ ուղղուած է Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին եւ որ իր հասցէին կը ղրկուի ո՛չ թէ թղթատարութեամբ կամ ձեռամբ, այլ համացանցի էջերով, ինչ որ այսքան պատասխանատու աթոռներու միջեւ այսքան կարեւոր հարցի մը քննարկումը ընելու բաւական անսովոր ձեւ մըն է։ Այս նոր տագնապը ծնունդ առած է այն դիտարկութենէն թէ Մայր Աթոռը միջոցէ մը ի վեր կը ցանկայ կերպով մը առանձին Թեմի վերածել Երուսաղէմի Պատրիարքութիւնը ու իր տիրապետութեան տակ առնել այդ դարաւոր Աթոռը, որ մեր եկեղեցական նուիրապետական չորս անկախ Աթոռներէն մէկն է։

Քանի որ նամակը դրուած է համացանցի վրայ, կրնանք պահ մը հարցնել թէ որքա՞ն վաւերական է այս նամակը, որ գրի առնուած է աներեւակայելիօրէն ծանր ոճով եւ նախատական նախադասութիւններով։ Քանի մը օր սպասեցինք որպէսզի տեսնենք թէ պատկան կողմերէն մէկը ճշդում մը կամ հերքում մը պիտի ընէ՞ այս մասին։ Որքան որ գիտենք, մինչեւ սա պահը չկայ այդպիսի ճշդում մը կամ հերքում մը։ Եւ նամակը կը պտըտի ձեռքէ ձեռք, զանազաններու կողմէ կը ղրկուի զանազաններու հասցէներուն եւ այս կերպով փողոց իջած կ՚ըլլայ բանավէճ մը, որ խորապէս կը վիրաւորէ մեր եկեղեցական աւանդութիւններն ու սրբութիւնները։

Նամակին սկիզբը Վեհափառ Հայրապետը կը քննադատուի անով որ Ան յանդիմանած է իր Եպիկոպոսները գանգատելով որ այդ եպիսկոպոսները զինքը չեն պաշտպաներ համացանցի վրայ Կաթողիկոսին դէմ գրուած գրութիւններուն։ Անցեալ Սեպտեմբերին Մայր Աթոռի մէջ կայացաւ ներկայացուցչական ժողով մը որ «թատերական» կը յորջորջուի նամակին մէջ։ Ժողովի ընթացքին դարձեալ ծեծուած է Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութիւնը կերպով մը թեմի մը վերածելու առաջարկը։ Այս առաջարկին կողմնակից եղեր են Յովնան, Միքայէլ, Հայկազուն ու Յովակիմ Սրբազանները, ուստի Երուսաղէմի Պատրիարքի անունով հրատարակուած նամակին մէջ ծանր ու նախատական տողերով կը քննադատուին այս չորս Սրբազաններն ալ։ Երուսաղէմի Պատրիարքը կը գանգատի ըսելով որ չէին բաւեր միւս Քրիստոնեայ համայնքներուն հետ Երուսաղէմին ունեցած դժուարութիւնները, հիմա ալ Մայր Աթոռի միաբանութիւնը խաչակրութեան ելած է Երուսաղէմի դէմ։Երուսաղէմի Պատրիարքը կը յիշեցնէ որ Սովետական տարիներուն որոշ անձեր մութ աշխատանք կը տանէին որպէսզի Հայաստանի մէջ ստեղծէին «Ազատ եկեղեցի» շարժումը։

«Այսօր ալ կը տեսնուի որ այդ նոյն ախտավարակ ոգին կ՚արծարծուի Մայր Հայրենիքն մէջ, նորելուկ աղանդներ տակաւ կը ծաղկին ու կը զօրանան մեր բարի նայուածքին տակ» գրուած է նամակին մէջ, բան մը՝ որու համար քննադատութեան կ՚ենթարկուի Մայր Աթոռի այս հարցէ ներս ցուցաբերած անտարբերութիւնը։ Նամակին մէջ կ՚ըսուի նաեւ որ Հայաստանեայց եկեղեցին դարերու ընթացքին արտաքին հարուածներէ այնքան չէ սոսկացած, որքան հիմա կը սոսկայ Մայր Աթոռի կարգադրութիւններէն։

Երուսաղէմի Պատրիարքին ստորագրութեամբ հրապարակի վրայ դրուած այս նամակը, ուրիշ քննադատութիւններու նշումէն վերջ որպէս յետ գրութիւն կը նշէ որ այս նամակը համացանցով ղրկուեցաւ տրուած ըլլալով որ Մայր Աթոռը չէ պատասխանած Երուսաղէմէն ղրկուած նախորդ նամակի մը։

Ցաւալի է կարդալ այս բոլորին մասին։ Բնականաբար բացարձակապէս ընդունելի չէ Երուսաղէմի Աթոռը Աթոռ ըլլալէ դադրեցնելու եւ զայն Մայր Աթոռի ենթակայ դարձնելու դիտաւորութիւն մը, եթէ իսկապէս կայ այդպիսի դիտաւորութիւն մը։ Եթէ ասիկա ճիշդ է, Մայր Աթոռը բնականաբար կը սխալի։ Նամակին մէջ դիտել կը տրուի որ Վեհափառ Հայրապետը տարիներ առաջ նոյն ցանկութիւնը ունեցաւ Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռին նկատմամբ, բայց չյաջողեցաւ։ Արդարեւ կը յիշենք որ նմանօրինակ բանավէճ մը մեր մօտ ալ ծագած էր տարիներ առաջ ու Մեսրոպ Պատրիարք Սրբազանը վճռականօրէն ու պատշաճ ոճով պաշտպանած էր մեր Աթոռին անկախութիւնը։ Հիմա իր Աթոռը կը պաշտպանէ Երուսաղէմը։ Բայց կը խորհինք թէ ընդունելի չէ այսքան խիստ ու մեր եկեղեցւոյ աւանդութիւններուն անյարիր ոճով գրուած այսպիսի նամակ մը հրապարակաւ գործածել Աթոռին անկախութիւնը պաշտպանելու համար։

Մաղթենք որ այս բանավէճը եւ այս կապակցութեամբ համացանցի վրայ շրջող բամբասանքները շուտով վերջ գտնեն առանց առաւել եւս վնաս հասցնելու մեր Եկեղեցիին։ Երուսաղէմի Պատրիարքութիւնը մեր չորս Աթոռներէն մէկն է եւ այդպէս ալ պիտի մնայ մինչեւ վերջ, Սուրբ Տեղերու վրայ պաշտպանելով մեր դարաւոր իրաւունքներն ու սրբութիւնները։

«Նոր Մարմարա»


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.