Պոլիվիոյ Բազմազգային Օրէնսդիր ժողովը Հայկական Ցեղասպանութեան ուրացումը դատապարտող բանաձեւ ընդունեց


Նոյեմբեր 26-ին, Պոլիվիոյ Բազմազգային Օրէնսդիր ժողովը Հայկական Ցեղասպանութեան ուրացումը դատապարտող բանաձեւ ընդունեց։ Այս մասին Փրէսնա Արմէնիա լրատուական գործակալութեան հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին, պոլիվիացի ծերակուտական տիկ. Զոնիա Կուարտիա Մելկար յայտնեց, թէ բանաձեւը միաձայնութեամբ ընդունուած է Պոլիվիոյ խորհրդարանի եւ ծերակոյտի անդամներուն կողմէ։ «Մեր անվերապահ զօրակցութիւնը կը յայտնենք հայ եւ քիւրտ ժողովուրդներուն։ Մեր երկրի սահմանադրութիւնը կը մերժէ խտրականութիւնը, մարդկային իրաւանց ոտնակախումը եւ ցեղասպանական արարքները։

Նշենք, որ Պոլիվիոյ Բազմազգային Օրէնսդիր ժողովը երկպալատանի խորհրդարան է, որ կը բաղկանայ վերին եւ ստորին պալատներէ (ծերակոյտ եւ խորհրդարան)։ Պոլիվիոյ Խորհրդարանը ունի 130 ադամ, իսկ ծերակոյտը ունի 36 անդամ։  


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.