Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Շահան Արք․ Սարգիսեան այցելեց Գամիշլի


Kantsasar – Քեսապ այցելութենէն ետք, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ․ Տէր Շահան Սրբ․ Արք․ Սարգիսեան ազգայիններէ բաղկացած պատուիրակութեան մը ընկերակցութեամբ Չորեքշաբթի 26 Նոյեմբեր 2014-ին այցելեց Գամիշլի, ուր յառաջացաւ նոր թաղականութիւն մը, ինչպէս նաեւ ամբողջացաւ տեղւոյն Ազգ․ Եփրատ վարժարանի հոգաբարձական կազմը։

Նոյն օրը Ս․Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ ժամերգութիւն, ուր քարոզեց Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ․ Տէր Շահան Սրբ․ Արք․ Սարգիսեան, որ յորդորեց ժողովուրդը դժուարութիւնները համբերութեամբ յաղթահարել եւ հաւատքով զինուիլ։ Այնուհետեւ սրբազան հայրը հանդիպում ունեցաւ Ճեզիրէի Հոգեւորականաց Դասուն եւ Գամիշլիի քրիստոնեայ յարանուանութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ, ապա հանդիպում մը ունեցաւ Ճեզիրէի Շտապ Օգնութեան Գործադիր Մարմնին եւ Հ․Բ․Ը․Մ․-ի ներկայացուցիչներուն հետ․ հանդիպման ներկայ էին Սուրիահայութեան Շտապ Օգնութեան Եւ Վերականգնումի Մարմնի անդամ տիար Կարօ Իւզպաշեան եւ Հալէպի Շտապ Օգնութեան Գործադիր Մարմնի ատենապետ տիար Զարեհ Փօլատեան։

Աւելի ուշ սրբազան հայրը հանդիպում մը ունեցաւ Գամիշլիի մեր երիտասարդ ազգանուէր տղոց եւ աղջիկներուն հետ, որոնք տագնապի դժնդակ պայմաններուն մէջ, նուիրուած են մեր ժողովուրդի զաւակներու ծառայութեան եւ անմիջական կարիքներու ապահովման աշխատանքին։

Առաջնորդ սրբազան հայրը հանդիպում ունեցաւ նաեւ Ճէզիրէյի Առաջնորդական փոխանորդութեան քարտուղարութեան հետ, ներկայութեամբ Ազգ․ Իշխանութեան ներկայացուցիչ տիար Զարեհ Փօլատեանի եւ Ազգ․ Առաջնորդարանի դիւանապետ տիար Գրիգոր Տունկեանի՝ վարչական որոշ տնօրինումներ կատարելու օրակարգով։ Երկրիս տագնապին բերումով հաղորդակցական միջոցներու բացակայութեան լոյսին տակ, սոյն հանդիպումը յատուկ նշանակութիւն կը ստանայ եւ կը վերահաստատէ Ազգ․ մարմիններուն կապը, միաժամանակ կը յուսադրէ մեր ժողովուրդին զաւակները՝ շարունակելու իրենց ազգային առաքելութիւնը։

Հինգշաբթի 27 Նոյեմբեր 2014-ին, սրբազան հայրն ու ազգային պատուիրակութիւնը այցելեցին Գամիշլիի Ազգ․ Եփրատ վարժարանի մանկապարտէզի, նախակրթարանի եւ միջնակարգի աշակերտութեան, ուր Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդը օրհնեց եւ գնահատեց աշակերտները իրենց ուսումնական անխափան ընթացքին համար, թելադրեց գիտութեամբ զինուիլ եւ լրջօրէն աշխատիլ՝ լաւագոյն արդիւնքներով բոլորելու ուսումնական այս տարին։ Աշակերտները բարձր տրամադրութեամբ դիմաւորեցին սրբազան հայրն ու անոր ընկերակցող ազգայինները։ Այնուհետեւ սրբազան հայրն ու պատուիրակութիւնը խորհրդակցական հանդիպումներ ունեցան վարժարանի Ուսուցչական Կազմին, Տնօրէնութեան, Հոգաբարձական Կազմին հետ, ուր խօսուեցաւ ուսումնական ընթացքին, երկրի ապահովական վիճակին բերումով յառաջացած դժուարութիւններուն եւ կազմակերպչական աշխատանքներու շուրջ։

Սրբազան հայրն ու Ազգ․ Իշխանութեան ներկայացուցիչները հանդիպումներ ունեցան նաեւ Գամիշլիի Տէր Պսակ քահանային, Հասիչէի թաղականութեան ատենապետին եւ շրջանի Տէր Մեսրոպ քահանային, ինչպէս նաեւ Տէրիքի Տէր Տաճատ քահանային հետ, ուր կազմակերպչական աշխատանքներու շուրջ խորհրդակցութիւններ տեղի ունեցան։ Ուրբաթ առա

Kantsasar.com


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.