Հարցազրոյց Լեռնային Ղարաբաղի արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեանի Հետ


Հոկտեմբեր 30-ին, Մոնթրէալ այցելեց ԼՂՀ արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեան, որուն հետ «Հորիզոն»-ի գլխաւոր խմբագիր Վահագն Գարագաշեան ունեցաւ հարցազրոյց մը: Ստորեւ հարցազրոյցը.

«Հորիզոն»- Ի՞նչ առաքելութեամբ կը գտնուիք Գանատա։

Կարէն Միրզոյեան- Հիմնական նպատակը ներկայ գտնուիլն էր «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Կալա-երեկոյին, որու ընթացքին հանգանակութիւններ կատարուեցան եւ գոյացած գումարը պիտի յատկացուի ֆինանսաւորմանը Արցախի մէջ շարք մը ծրագիրներու, մասնաւորաբար պիտի կառուցուին մանկապարտէզներ, գիւղական համայնքային կեդրոններ, որոնք այսօր շատ կարեւոր են Արցախի մէջ կենսամակարդակի ապահովման տեսակէտէն։

«Հ»-Իսկ վերջին շրջանին տեղի ունեցած բանակցութիւններու գծով Լեռնային Ղարաբաղի կողմը միշտ կը շեշտէ, որ ԼՂՀ-ն պէտք է լիարժէք մասնակից դառնայ բանակցութիւններուն։ Ո՞ւր հասած է բանակցութիւններուն հոլովոյթը։

ԿՄ- Միանշանակ ըսեմ, որ այդ մէկը միայն ղարաբաղեան կողմը չի շեշտեր, այդ մէկը հայկական ընդհանուր կարծիք է, այսինքն Հայաստանի հանրապետութեան ներկայացուցիչները նման պահանջ կը ներկայացնեն, եւ կրնամ ձեզի հաւաստիացնել, որ իւրաքանչիւր ոք, որ տեղեակ է իրողութիւններուն, խնդրին էութեան նոյնպէս կը կիսէ այն կարծիքը, որ այսօր առանց բանակցութեան Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան լիարժէք մասնակցութեան, այդ բանակցութեան մէջ որեւէ լուրջ յառաջընթաց ապահովելը իրատեսական չէ։ Արցախը այսօր ժամանակաւորապէս, եւ կը շեշտեմ այդ, ներկայ չէ բանակցութիւններու սեղանին վրայ։ Բանակցութիւնները կը շարունակուին եւ վերջին կարեւոր զարգացումը Երկուշաբթի, 27 Հոկտեմբերին Փարիզի մէջ կայացած Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն հանդիպումն էր։ Նման հանդիպումները ես կը կարծեմ բոլորն ալ դրական կը գնահատեն, որովհետեւ անոնք կ՚արտօնէն բանակցային հոլովոյթին մէջ ապահովելու որոշակի տեղաշարժեր։ Անոնք նաեւ կ՚արտօնէն որոշ մտքերու փոխանակում կատարել եւ, ի հարկէ, եթէ այդպիսի հանդիպումներ չըլլան բանակցային հոլովոյթը ուղղակի պիտի կանգնի եւ այդ մէկը յղի է անկանխատեսելի հետեւանքներով։

«Հ»- Ի՞նչ ունիք ըսելիք սահմանագիծին վրայ թեժ ամրան մասին, երբ ազրպէյճանական կողմը բազմաթիւ անգամներ խախտեց զինադադարը։

ԿՄ- Այդ մէկը սպասելի երեւոյթ էր. սպասելի այն առումով, որ Ազրպէյճանը հետեւողականօրէն առիթ չի փախցներ, որպէսզի Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ազրպէյճանի բանակներուն շփման գիծին վրայ, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Ազրպէյճան պետական սահմանագիծին վրայ անընդհատ կատարէ սադրանքներ եւ որոշ գործողութիւններ, որոնք կը վտանգեն մեր մօտ ձեւաւորուած փխրուն կայունութիւնն ու խաղաղութիւնը։ Մենք, հայկական կողմերս անընդհատ կը հրաւիրենք թէ՛ համանախագահներուն, թէ՛ միջազգային ընտանիքի ուշադրութիւնը այն հանգամանքի վրայ, որ Ազրպէյճանը այսօր հետեւողականօրէն կը ձեռնարկէ քայլերու, որոնք ուղղակի կը կացինահարեն խաղաղ գործընթացը եւ կը տանին դէպի փակուղի, եւ այդ մէկը կը ստեղծէ ռազմական գործողութիւններու վերսկսման վտանգը։ Մենք, թէ՛ ղարաբաղեան եւ թէ՛ հայաստանեան կողմը, ներկայացուցած ենք բազմաթիւ առաջարկներ, որոնք հաւանութեան արժանացած են նաեւ Մինսքի խմբակի համանախագահութեան կողմէ. առաջարկած ենք ձեռնարկել այնպիսի քայլերու, որոնք ոչ միայն կ՚արտօնէն թուլացնել լարուածութիւնը հառակորդ կողմերուն միջեւ, այլ նաեւ ի սպառ կը բացառեն նման իրավիճակներու կրկնութիւնը։ Ատոնք են արձակազէնները անմիջապէս հեռացնելը շփման գիծէն, միջադէպերու ուսումնասիրման եւ պատճառներու բացայայտման մեքանիզմներու ձեւաւորումը, ինչպէս նաեւ որոշակի քայլերու ձեռնարկումը, որոնք կ՚արտօնեն նման միջադէպերու կրկնութենէն խուսափումը։ Ցաւոք սրտի, որեւէ նման նախաձեռնութիւն ուղղակի կերպով եւ սկիզբէն կը մերժուի Ազրպէյճանի կողմէ, ինչ որ արդէն կը վկայէ այն մասին, որ Ազրպէյճանը բացարձակապէս շահագրգռուած չէ հակամարտութեան կարգաւորմամբ եւ ամէն ինչ կ՚ընէ, իրավիճակը վատթարացնելու համար։

«Հ»- Այս տարուան ընթացքին մեծ թափ ստացաւ Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան միջազգային ճանաչման հոլովոյթը։ Ինչպէ՞ս կը գնահատէք այս երեւոյթը։

ԿՄ- Այդ հոլովոյթին մէջ ոչ միայն այս տարուան մէջ, այլ նաեւ նախորդ տարուան մէջ տեղի ունեցան հետաքրքրական զարգացումներ, ինչ որ բնական երեւոյթ է։ Նախեւառաջ Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան միջազգային ճանաչումը մեր հանրապետութեան արտաքին քաղաքականութեան հիմնադրոյթներէն մէկն է։ Այդ մէկը նախագահին կողմէ ուղղակի ինծի կատարուած յանձնարարութիւն մըն է, եւ մենք հետեւողականօրէն կ՚աշխատինք այդ հարցին վրայ։ Ատոր մէջ մեծ դեր ունին նաեւ սփիւռքեան կառոյցները, մեր հայրենակիցները, որոնց հետ մենք այդ հարցով շատ սերտ համագործակցութեան մէջ ենք։ Անշուշտ իրենց ներդրումն ունին նաեւ Հայաստանի հանրապետութեան դիւանագիտական առաքելութիւնները, եւ կրնանք ըսել, որ այն արդիւնքը, որ ունինք տարբեր երկիրներու եւ տարբեր մակարդակներու վրայ, որուն կը սատարէ տարբեր բանաձեւերը, տարբեր երկիրներու մէջ ձեւաւորուող բարեկամական խումբերը, ներհամայնքային մակարդակով հաստատուող կապերը, ատոնք բոլորն ալ մեր քրտնաջան համատեղ աշխատանքներու արդիւնքն է։ Ի հարկէ, այդ աշխատանքը անպտուղ պիտի ըլլար, եթէ մենք որեւէ բան չունենայինք աշխարհին ներկայացնելու։ Այդ բանաձեւերը, կապերը եւ համագործակցութիւնը որոնք կը հաստատուին, իւրատեսական գնահատական է Արցախի մէջ տեղի ունեցող հոլովոյթներու, Արցախի մէջ պետականութեան շինութեան արդիւնքներուն։ Այսօր մենք կը տեսնենք, որ հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն, հակառակ հակառակորդին կողմէ զայն խանգարելու բոլոր փորձերուն՝ Արցախի մէջ կը կառուցուի առողջ պետականութիւն մը, առողջ հասարակութիւն մը, որ կենսունակ է եւ պատրաստ է ոչ միայն ապահովելու իր քաղաքացիներու շահերը, այլ նաեւ՝ հաւասար գործընկեր ըլլալ միջազգային ընտանիքին համար, եւ այդ առումով, ես կը կարծեմ, որ այդ բանաձեւերը, այդ որոշումները նաեւ դրական գնահատական են Արցախի պետականաշինութեան համար։

«Հ»- Գանատահայութիւնը, սփիւռքահայութեան իւրաքանչիւր գաղթօճախ ի՞նչ ձեւով կրնայ օգտակար դառնալ ԼՂՀ-ի ամրապնդման։

ԿՄ- Ես շատ նոր բաներ պիտի չըսեմ, ատոնք հին պատմութեան խորքէն եկող խորհուրդներ են։ Մենք պէտք է ըլլանք միասնական, հասկնանք, թէ ո՞ր մէկն է մեր իսկական ազգային շահը, եւ այդ պարագային մենք կը հասնինք մեր ազգային իղձերու, ազգային երազներու իրականացման, եւ ի հարկէ, պէտք է աշխատիլ, թէ՛ իբրեւ կազմակերպութիւն, թէ՛ իբրեւ անհատ ապացուցելու համար, որ հայերը ի զօրու են տէր կանգնելու իրենց երկրին եւ իրենց ազնիւ գաղափարներուն։

Արեւմտահայերէնի վերածուած


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.