2000 Հայուհիներ Կը Ծառայեն Հայկական Բանակին մէջ


ՀՀ զինուած ուժերուն մէջ կիներու ներգրաւուածութեան մասին «Առաւօտ» օրաթերթը հրատարակած է յօդուած մը, ուր ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեան կը յայտնէ, թէ  Ա. Խանփերեանցի անուան ռազմական օդանաւորդութեան հիմնարկին մէջ այսօր կ՚ուսանի 3 կին, իսկ ՀՀ զինուած ուժերուն մէջ կը ծառայեն 2000-է աւելի հայուհիներ:

 Նշենք, որ Արցախեան պատերազմին մասնակցած են շուրջ 600 հայ կիներ, որոնցմէ 18-ը զոհուած են մարտի ընթացքին, 87-ը՝ դարձած են հաշմանդամ։ 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.