Հայոց Ցեղասպանութեան Հարցը Հաւանաբար Քննարկուի Էրտողանի Հետ Հռոմի Պապի Հանդիպման ընթացքին


Թուրքիոյ մէջ Հայոց ցեղասպանութեան հարցը, ամենայն հաւանականութեամբ, պիտի ներառուի Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայիպ Էրտողանի հետ Հռոմի Ֆրանչիսկոս Պապի հանդիպումներու օրակարգին մէջ: Այս մասին կը գրէ«Nouvelles d’Armռnie» պարբերականը` վկայակոչելով Վատիկանի Ռատիոն:

News.am-ի փոխանցմամբ` Հռոմի Պապի այցելութենէն առաջ Վատիկանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Մեհմէթ Փաչաջին լրագրողներուն ըսած է, որ Պապը կը շարունակէ պնդել երկխօսութեան կարեւորութիւնը:

«Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ վէճին մենք նոյնպէս կը ձգտինք հայկական կողմին հետ երկխօսութեան, եւ մենք կ’ակնկալենք, որ մեր դիրքորոշումը աջակցութիւն գտնէ նաեւ կրօնական կառոյցներու կողմէ, ինչպիսին Վատիկանն է»,- նշած է թուրք դեսպանը:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.