ՀՅԴ ԳԵՄի «Սիմոն Զաւարեան» Մասնաճիւղի 50րդ Յոբելեան

 

Ժողովուրդնեդու եւ ազգերու գոյատեւման պատմութեան ընդմէջէն ի յայտ կու գայ, որ նոր սերունդներու առողջ եւ կարգապահ հոգեմտաւոր դաստիարակութիւնը ամենէն էական, հիմնական եւ կարեւորագոյն աշխատանքն է: Այս հիմնաւորումը կու գայ այս դաստիարակութեան ո՛չ միայն ազգի մը ներկայ իրավիճակին վրայ անմիջական ազդեցութենէն, այլեւ ապառնիին մէջ կերտուելիք իրականութիւնը ճշդելու ծիրին մէջ՝ անոր ստանձնելիք դերակատարութենէն:

 Ուրեմն, նոր սերունդը պէտք է դաստիարակել եւ զանոնք օժտել այնպիսի կարողութիւններով, որոնք պիտի օգնեն պատիւով շրջանցելու ամէն տեսակի մարտահրաւէր, որ կը սպառնայ խոչընդոտել ոչ միայն երիտասարդութեան, այլեւ ամբողջ հայ ազգի գոյատեւումն ու հաւաքական կեանքի վերելքը:

ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական Միութեան ստեղծման հրամայականը ծագած է նոյն այս կարիքէն, որ կը նպատակադրէ ստեղծել, համախմբել հայ երիտասարդութեան մէջ խաւ մը, որ ազգային, յեղափոխական ու բարոյական է իր դիմագիծով: Իսկ այս պատկերը կարելի է յառաջացնել, երբ իւրաքանչիւր երիտասարդի նկարագիրին մէջ ազգային, յեղափոխական ու բարոյական արժանիքները յատկանիշ կը հանդիսանան ու կ’իւրացուին իբրեւ այդպիսին:

 Եւ Թորոնթոյի մէջ այս պատկերը ստեղծուեցաւ 50 տարիներ առաջ ու կը շարունակէ գոյատեւել դեռ երիտասարդ, որովհետեւ անոր երակները ամէն օր կը սնուին նոր, երիտասարդ արիւններով:

 22 Նոյեմբեր 2014

Թորոնթոյի Հայ Կեդրոնի գաւիթին մէջ կը լսուէր Մհեր Գարակէօզեանի դաշնակի մեղեդին:

 «Մեծ հպարտութեամբ ու սրտի անհուն գոհունակութեամբ կը վարեմ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Գանատայի Երիտասրդական Միութեան Սիմոն Զաւարեան Մասնաճիւղի յիսնամեակի կալա-երեկոն:» ըսաւ հանդիսավար Լուսին Մովսէսեան եւ բացուած յայտարարեց Կալա-Երեկոն, որ պիտի ընդգրկէր խօսքեր ու գեղարուեստական բաժին: Մովսէսեան յստակօրէն բացատրեց երեկոյի ընթացքը, ուր պիտի ներկայացուէր մասնաճիւղի Անցեալը, Ներկան ու Ապագան:

Մասնաճիւղի գործունէութիւնը ներկայացնող տեսերիզի մը ցուցադրութենէն ետք, ՀՅԴ ԳԵՄի «Սիմոն Զաւարեան» Մասնաճիւղի խօսքը արտասանեց ատենապետ՝ Զանի Բորբոսեանը: Ան յայտնեց որ ձուլող եւ օտարացնող այս քաղաքին մէջ, ուր հայախօսութիւնը տեղի կու տայ եւ հայկական աւանդութիւնները կը նահանջեն, մասնաճիւղը կրցաւ կէս դար ապրիլ ու դեռ եւս պիտի գոյատեւէ: Հայրենիքէ հեռու, օտարամոլ այս մթնոլորտին մէջ նմանօրինակ միութեան մը կառուցումն ու 50 տարիներու անխափան երթը իսկական հերոսութիւն մըն է եւ ազգային հպարտանք: «Ուրեմն այսօր, սոսկ տարեդարձ չէ, այլ գաղութի մը հերոսական պատմութեան յիշատակութիւնն է:», յայտարարեց Բորբոսեան:

 Բորբոսեան շարունակեց, բացատրելով որ «Յիշատակի թուականները կը ծառայեն տօնախմբութեան, երբ անոնց ներկայացուցած շարժառիթը հիմնականին մէջ կը ներկայացնէ աւարտած գործունէութեան մը ոգեկոչումը: Առ այդ, դադար չի կրնար առնել մեր մասնաճւղի աշխատանքը, այնքան ատեն որ զինք ստեղծած Կազմակերպութեան առաջադրանքներուն եւ նպատակներուն իրագործումը տակաւին չէ աւարտած»:

Ապա, ՀՅԴ «Քրիստափոր» Պատանեկան միութեան անդամ՝ Մհեր Գարաճեան փոխանցեց ԳԵՄէն իր ակնկալութիւնները, որով գեմական ըլլալը, կը նշանակէ Հայ Դատին համար նուիրուած ըլլալ։ Գարաճեան յայտնեց. «ԳԵՄէն մասնաւորապէս կը սպասեմ որ մեզի՝ նորեկներուն, աւելի մանրամասն բացատրեն Կուսակցութեան ներկային մասին, այն յոյսով, որ օրին մէկը բոլորս շարքերը կ’անցնինք ու կը շարունակենք նպաստել Հայ Դատին, մինչեւ հասնինք մեր վերջնական նպատակին։ Մաղթանքս է, որ բոլոր փոխանցուող պատանիները, գիտակցելով նրբութիւնը այս կազմակերպութեան գործունէութեան, իրենց ներդրումը բերեն, որպէսզի միասնաբար դառնանք ապագայի առաջնորդները՝ եկող սերունդներուն»։

 Կիթառի վրայ Արա Ղուկասեանի ելոյթին յաջորդեց Նայիրի Շարապխանեանի խօսքը: Ան հետաքրքրական մօտեցումով ներկայացուց ամչկոտ ու անփորձ պատանիի մը ուղին, ԳԵՄի անդամակցութեան իր առաջին օրէն մինչեւ օրս՝ երբ այդ պատանին դարձած է հասուն երիտասարդ, կազմակերպուած անձ, հաւատաւոր դաշնակցական, եւ աշխատասէր ու գործունեայ թորոնթոհայ եւ այս բոլորը ի պատիւ՝ «Սիմոն Զաւարեան» Մասնաճիւղին: Խօսքի աւարտին, Շարապխանեան իր շնորհակալական եւ երախտագիտական խօսքերը ուղղեց յիսուն տարեկան Մասնաճիւղին:

 Ապա դաշնակի վրայ ելոյթ ունեցաւ Տանիէլ Մարտիրոսեան, որմէ ետք Մասնաճիւղէն շրջանաւարտ՝ Յարութ Մանուկեան ներկայացուց իր յուշերը:

 Սարօ Ուանէսի տուտուկի ելոյթին յաջորդեց ՀՅԴ ԳԵՄի Կեդրոնական Վարչութեան խօսքը, որ արտասանեց Ռազմիկ Չաքմաքեան: Ան ԳԵՄի հիմնադրութեան հակիրճ պատմականը տալէ ու ԳԵՄի գործելադաշտը ներկայացնելէ ետք յայտնեց որ «Սիմոն Զաւարեան» մասնաճիւղը Այս բոլորին աշխատանքներուն կարեւոր մասնիկը եղած է Թորոնթոյի «Սիմոն Զաւարեան» մասնաճիւղը որ «իբրեւ օրինակելի մասնաճիւղ, 50 տարիներ շարունակ, ոչ միայն յաջողութիւնը ապահոված է մեր միութեան աշխատանքներուն այլ նաեւ եղած խրախուսիչ ուժը թորոնթոյի հայ գաղութին»:

 Աւարտին, հանդիսավար՝ Լուսին Մովնսէսեան ներկաները հրաւիրեց ԳԵՄի սենեակը, ուր ցուցադրուած էր մասնաճիւղիս յիսուն տարիներու գործունէութիւնը:

 ՀՅԴ ԳԵՄի Սիմոն Զաւարեան Մասնաճիւղին կը մաղթենք բարի տարեդարձ, լուսեղէն ճանապարհ, բարի երթ, շողուն ապագայ, որպէսզի շարունակէ վարակել թորոնթոհայ երիտասարդները ազգասիրութեան ու նուիրուածութեան «ախտ»ով որով աւելի պիտի ամրանան, աւելիով կառչին իրենց արմատներուն եւ իրենց գերագոյնը զոհաբերելու գիտակցութեամբ՝ քայլ մը աւելի առաջ տանին մեր արդար իրաւունքներու ձեռբերման համար տարուող պայքարը:

 Խաժակ

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.