Աղքատութեան համեմատութիւնը կը բարձրանայ Հայաստանի մէջ


Հայաստանի վիճակագրական ծառայութիւնը հրապարակած է զեկուցում մը, որ կարելի է դիտարկել իբրեւ երկրի ազգային անվտանգութեան սպառնացող երեւոյթ։

Պետական վիճակագրութեան կողմէ հրապարակուած «Հայաստանի ընկերային պատկերը եւ աղքատութիւնը 2014 թուականին» զեկուցումին մէջ պաշտօնապէս հաստատուած են ե՛ւ Հայաստանի դատարկուելուն, ե՛ւ ահագնացող աղքատութեան մասին տեղեկութիւններ։ 

2013 թուականի տուեալներով՝ Հայաստանի մէջ իւրաքանչիւր երրորդ մարդը կամ բնակչութեան 32 առ հարիւրը աղքատ է, որմէ 13,3 առ հարիւրը՝ շատ աղքատ, իսկ 2,7 առ հարիւրը՝ ծայրայեղ աղքատ։ 2013 թուականին աղքատներու թուաքանակը կազմած է շուրջ 967 հազար, իսկ ծայրաեղ աղքատներու թիւը՝ 82 հազար։ 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.