«Վերադարձ Հայաստան» Հիմնադրամին Դիմած Է Հազար Հայրենադարձ
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Իր գործունէութեան երկու տարուան ընթացքին «Վերադարձ Հայաստան» հիմնադրամը աջակցութիւն ցուցաբերած է շուրջ 1000 հայրենադարձի, որոնց մեծ մասը նոր տեղափոխուած է հայրենիք եւ ծանօթ չէ օրէնսդրութեան, պայմաններուն ու ընթացակարգերուն: Հիմնադրամի նախագահ Վարդան Մարաշլեանի համաձայն՝ կրցած են շուրջ 200 հոգիի համար աշխատանք գտնել. դիմողներուն 40 տոկոսը իր առեւտուրը հաստատած է: Ասիկա բնականաբար չի նշանակեր, որ հիասթափողներ չեն եղած, նոյնիսկ կան մեկնողներ, սակայն կարեւոր գաղափարախօսութիւնը, ըստ Մարաշլեանի, այն է, որ հայրենադարձին ճիշդ կերպով ներկայացուի հայաստանեան իրականութիւնը:
«Ոչ վարդագոյն, ոչ սեւ: Դուրսը ապրող հայը պէտք է իրական պատկերացում ունենայ Հայաստանի մասին եւ գիտնայ՝ ո՞ւր կու գայ եւ ինչո՞ւ», ըսած է Մարաշլեան՝ աւելցնելով, որ այս հարցին մէջ շատ կարեւոր է նաեւ անձնական փորձառութեան ներկայացումը: Այդ նպատակով ալ հանդիպումներու ընթացքին հիմնադրամի անդամները կը հրաւիրեն նաեւ Հայաստանի մէջ յաջողութեան հասած հայրենադարձները, որպէսզի խօսին իրեն ուղիին մասին։ Հայ հասարակութեան հետ հայրենադարձներուն համարկումը աւելի մատչելի դարձնելու միտումով հիմնադրամի աշխատակիցներն ու ստեղծուած հայրենադարձներու ցանցը առաւել մատչելի կերպով կը ներկայացնեն օրէնսդրութիւնը, իրավիճակը եւ պայմանները:
«Հայրենադարձութեանը նպաստող միջավայրի ստեղծումն մեծագոյն խնդիրն է: Այս առումով հիմնադրամը աջակցութեան կարիք ունի, քանի որ հայրենադարձութիւնը ոչ պետութեան, ոչ կուսակցութիւններու օրակարգին վրայ կայ: Հայրենադարձութեան մասին օրէնքը քնացած վիճակի մէջ է եւ նոյնիսկ Ազգային ժողովին մէջ քննարկումներու հանգրուան չէ հասած», նշած է Մարաշլեան՝ աւելցնելով, որ հայրենադարձներուն մեծ մասը հետագային կը հեռանայ հիմնականին մէջ աշխատանք չգտնելու կամ աւելի քիչ գումար վաստակելու համար:
«Գլխաւոր խնդիրն այն է, որ հայրենադարձները հասկնան, որ կայ հայրենիք, որ ունի խնդիրներ, կ՛առաջարկէ որոշ պայմաններ: Հայաստանի մէջ գինեգործութեան ոլորտին մէջ մեծ փոփոխութիւններ արձանագրուած են հայրենադարձներուն շնորհիւ, կան ոլորտներ, մասնագիտութիւններ, որոնց նկատմամբ մեծ պահանջ կայ, եւ բնական է, որ այդ ոլորտներուն մէջ հայրենադարձները կարենան շահեկան դիրքի մէջ գտնուիլ եւ նպաստել թէ՛ իրենց կենսամակարդակի բարձրացման, թէ՛ պետութեան զարգացման», ըսած է Մարաշլեան: