Ատրպէյճան Կրկին Սադրիչ Յայտարարութիւն Կատարած Է


ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէփրէս».– Արցախի Հանրապետութեան մէջ հայկական ուսումնավարժական ուղղաթիռի ջախջախումէն ետք պաշտօնական Պաքու ո՛չ միայն չի զսպեր իր սանձարձակ կեցուածքը, այլ նաեւ հանդէս կու գայ կացութիւնը աւելի լարող պաշտօնական յայտարարութիւններով: Նման յայտարարութիւն կատարած վերջին ատրպէյճանցի անձնաւորութիւնը Ատրպէյճանի ռազմագերիներու, գերիներու եւ անյայտ կորսուածներու հարցերու պետական յանձնաժողովի աշխատանքային խումբի ղեկավար Ֆիրուտին Սատըկովն էր: Անտեսելով միջազգային իրաւունքի եզրերն ու փաստաթուղթերը, որոնց միացած է նաեւ ատրպէյճանական կողմը, Սատըկով յանդուգն կերպով յայտարարած է, որ Ատրպէյճան հայ օդաչուներուն դիակները վերցնել պիտի արտօնէ միայն այն ատեն, երբ ատիկա ճիշդ նկատէ: Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի բանբեր Արծրուն Յովհաննիսեան աւելի կանուխ ատրպէյճանական իշխանութիւնները յիշեցուցած էր, որ բացի բուն ռազմական գործողութիւններէն, կարեւոր են վիրաւորներու եւ մահացածներու հետ վարուելու կանոնները: «Մասնաւորապէս, յիշեցնում ենք Ադրբեջանի բանակի ղեկավարութեանը, որ 1949ի 12ին ընդունուած Ժընեւի կոնվենցիայի 15րդ յօդուածը յստակ սահմանում է. «Ամէն անգամ, եւ յատկապէս մարտերից յետոյ ընդհարման մէջ գտնուող կողմերն անմիջապէս բոլոր միջոցները պէտք է ձեռնարկեն, որպէսզի որոնեն եւ հաւաքեն վիրաւորներին եւ հիւանդներին, նրանց պաշտպանեն կողոպուտից եւ անվայելուչ վերաբերմունքից, ինչպէս նաեւ որոնեն մահացածներին եւ նրանց պատսպարէն կողոպտուելուց»: Սա զուտ մարդասիրական առումով», յայտնած էր ան։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.