Արցախի Գիւղերուն Մէջ Բնակարան Կառուցող Երիտասարդ Ընտանիքներուն Դիւրութիւններ Պիտի Տրուին


ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Արցախի Հանրապետութեան վարչապետ Արա Յարութիւնեան 18 Նոյեմբերին գլխաւորած է խորհրդակցութիւն մը՝ քննարկելու 2015ի պետական պիւտճէի ծրագրաւորման եւ նախատեսուող նոր ծրագիրներու առնչուող որոշ հարցեր:
Վարչապետին համաձայն՝ 2015ի պիւտճէով եկամտային մասի յաւելումը նուազ նախատեսուած է, քան ընկերային ծախսերու յաւելումը, ինչ որ կը նշանակէ, թէ անհրաժեշտ է խնայողաբար նախագծել պիւտճէն: Անդրադառնալով շրջաններու վարչակազմերու ծախսերուն՝ կառավարութեան ղեկավարը կարեւոր նկատած է զանոնք արդիւնաւէտ եւ հաւասարակշռուած կերպով ծրագրաւորելը։ Արա Յարութիւնեան աւելցուցած է, որ պիտի շարունակուին շրջաններուն մէջ իրագործուող պետական բոլոր ծրագիրները՝ հիմնուելով գիւղական բնակավայրերու զարգացման սկզբունքին վրայ:
Վարչապետը ներկայացուցած է պետական պիւտճէի յատկացումներով մեկնարկող նոր ծրագիրը, որուն ծիրին մէջ 2015էն սկսեալ 2 միլիոն դրամ աջակցութիւն, ինչպէս նաեւ վարկային արտօնեալ պայմաններ պիտի տրամադրուին գիւղերուն մէջ բնակարան կառուցող երիտասարդ ընտանիքներուն: Ան հաւանական նկատած է, որ ծրագիրին պահանջներուն համաձայն՝ կառավարութիւնը նաեւ շինանիւթով աջակցի տուեալ ընտանիքներուն: Յարութիւնեան անդրադարձած է այդ ծրագիրի կարեւորութեան՝ գիւղերուն մէջ երիտասարդ ընտանիքներու բնակարանային խնդիրներու լուծման, ինչպէս նաեւ ժողովրդագրական աճի խթանման իմաստով:
Խորհրդակցութեան ընթացքին շրջանային վարչակազմերու ղեկավարները հանդէս եկած են աշնանացանի աշխատանքներու ընթացքին վերաբերեալ զեկուցումներով: Այդ առնչութեամբ վարչապետը համապատասխան յանձնարարականներ տուած է պատասխանատու գերատեսչութիւններու ղեկավարներուն։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.