Մանկապատանեկան «Հորիզոն», Դեկտեմբեր 2016 – PDF տարբերակը կցուած

 

ՄԵՐ ԽՕՍՔԸ

Բարեւ սիրելի աշակերտներ

Շուտով Կաղանդ է. տարուան ամէնէն գեղեցիկ տօներէն մէկը: Սիրուն է տօնածառը: Առատ է հայուն սեղանը: Ուրախ է մթնոլորտը: Թող բարձր մնան մեր բոլորին տրամադրութիւնները: Թող իրականանան մեր բոլոր երազները: Թող ծաղկի մեր հայրենիքը, ապահով ու ամուր մնան մեր Արցախն ու Ջաւախքը, ու հոն հաստատուի խաղաղութիւնն ու արդարութիւնը:

Բարի արձակուրդ, սիրելի՛ աշակերտեր. ջերմ ու ընտանեկան մթնոլորտի մը մէջ եւ հայկական սովորութիւնները յարգելով՝ բարով դիմաւորենք Նոր Տարին եւ Սուրբ Ծնունդը:

Հպարտ եմ որ հայ եմ, ինծի նման հայ էր

Մխիթար Սեբաստացին

Մեր պատմութեան ընթացքին, հայերս ունեցած ենք նշանաւոր դէմք մը, որ հիմը դրած է հայ մտքի վերածնունդին: Այդ անձը՝ Մխիթար Սեբաստացին է: Ան թափառած է շրջանէ շրջան, գացած է Կարին, Էջմիածին, Սեւան, Պոլիս եւ այլուր խումբ մը աշակերտներ հաւաքած եւ 1701ին հիմնած է իր միաբանութիւնը: Թուրքերու հալածանքներէն փախելով, ան գացած է Վենետիկ, հաստատուած Ս. Ղազար կղզին եւ հոն շինած է եկեղեցի եւ դպրոց:

Աւելի ուշ, Վենետիկի Մխիթարեան դպրոցը դարձաւ հիանալի դպրոց մը, հոն հրատարակուեցան կրօնական, գրական, գիտական եւ այլ բազմալեզու գիրքեր: Այդ դպրոցէն շրջանաւարտ եղան մեծ մտաւորականներ: Այս տարի (2016) 315-ամեակն է Մխիթարեան Միաբանութեան հիմնադրութեան:

Իտալիոյ Սուրբ Ղազար կղզիին մէջ այսօր ունինք մօտ 150 000 գիրք, ինչպէս նաեւ հարուստ թանգարան մը, ուր կան 4000-է աւելի հայկական ձեռագիրներ եւ կաթողիկէ վարդապետներու կողմէ հաւաքուած ու նուէր ստացուած արաբական, հնդկական եւ եգիպտական փաստաթուղթեր: Հոն կարելի է տեսնել նաեւ 18-րդ դարու տպագրական մեքենան:

Տօնազանգ

Զարեհ Խրախունի

Ամէն տարի

Տօնածառին երբ նայիմ,

Ես զայն տարբեր կը տեսնեմ.

Ինձ կը թուի, թէ լեռ մ’է ան հզօր յոյսի, հաւատքի,

Թէ բուրգ մըն է՝ կոյտ կարօտի ու սիրոյ,

Կամ սանդուխն է դալարաւէտ, որ դէպի վեր կը տանի…

Այս տարի

Ան ինձ համար զանգակ մըն է կանաչած հին արոյրէ՝

Ոսկի արծաթ դրուագներով,

Գոյն-գոյն, ձեւ-ձեւ գոհարներով աշխատուած,

Որ ո՞վ գիտէ

Պապենական ո՞ր լեռներու կողին թառած սուրբ վանքէն,

Ո՞ր տաճարէն հոյազանգ

Դարակուտակ ղօղանջներն իր սէգ կուրծքին տակ ամփոփուած

Եկեր բազմեր է այստեղ, թուխսի նստած հաւու պէս,

Որ կը թողու, որ զարդարեն տօնախմբին գովերգին,

Մինչդեռ ինք

Ականջ դրած կը սպասէ

Հարուածներուն, որոնք կտուց պիտի զարնեն անխափան

Ճակատագրի ժամացոյցին անյեղլի

Ծառին վրայ

Փոքրիկ նախշուն զանգակիկները բոլոր

Կը թրթռան, կը դողդղան, կը թրվռան արդէն իսկ

Ղօղանջով մը հեռաւոր:

«Հորիզոն»ի Մանկապատանեկանի գունաւոր յաւելուածը PDF տարբերակով ներբեռնել (Download)

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.