#ArtsakhStrong Արշաւը Կը Պահանջէ Միջազգային Հանրութենէն Պատժամիջոցներ Կիրառել Ատրպէյճանի Դէմ


Արցախի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններու վերաբերեալ միջազգային հանրութեան իրազեկուածութիւնը բարձրացնելու նպատակով Նոյեմբեր 14-ին ժամը 13:00- ին սոցիալական ցանցերուն վրայ պիտի մեկնարկէ #ArtsakhStrong արշաւը:

Հայ դատի ԱՄՆ յանձնախումբի ֆէյսպուքեան էջի փոխանցմամբ` արշաւը նախաձեռնած է Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Արեւմտեան Ամերիկեան Երիտասարդական միութիւնը: Միջազգային հանրութեան կոչ կ’ուղղուի պատժամիջոցներ կիրառել Ատրպէյճանի դէմ:

Իսկ ամերիկահայ բնակչութեան կոչ կ’ուղղուի կապուելու իրենց օրէնսդիրներու եւ պաշտօնեաներու հետ, անոնց տեղեկացնելու Ատրպէյճանի կողմէ Մարդու իրաւունքներու խախտումներու մասին:

Արշաւի արդիւնաւէտութիւնը ապահովելու համար անհրաժեշտ է բովանդակային տեղեկատուութիւն տեղադրել #ArtsakhStrong հաշթագի հետ եւ լայնօրէն տարածել այն Ֆէյսպուք, Թուիթեր, Ինսթագրամ եւ այլ  ընկերային ցանցերով:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.