ԼՂՀ-ն Դիմած է «Կարմիր Խաչ»-ին` Միջնորդելու Զարնուած Ուղղաթիռի Անձնակազմը Ետ Ստանալու Համար


Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը դիմած է «Կարմիր խաչ»-ին միջազգային կոմիտէի (ԿԽՄԿ) միջնորդութիւնը` ուսումնավարժական թռիչք կատարելու ընթացքին ատրպէյճանցիներու կողմէ կար առնուած հայկական ուղղաթիռի անձնակազմին Հայաստանին յանձնելու նպատակով. այս մասին Tert.am-ին ըսաւ ԼՂՀ Պաշտպանութեան բանակի ղեկավար Մովսէս Յակոբեան:

Մովսէս Յակոբեան նշած է, որ ուղղաթիռը ինկած է ատրպէյճանցիներու դիրքին շատ մօտ եւ քանի որ ատրպէյճանական կողմի կրակահերթը թոյլ չի տար, որ նոյնիսկ ինկած օդաչուներուն մօտենան, այդ իսկ պատճառով դիմած են “Կարմիր խաչ”-ին, որպէսզի ան միջնորդէ:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.