Նախագահ Սերժ Սարգսեան Հիւրընկալեց Վեհափառ Հայրապետները


Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան 11 Նոյեմբերին հանդիպում ունեցած է Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի հետ:
Նախագահի մամլոյ ծառայութեան համաձայն՝ հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են պետութեան եւ եկեղեցւոյ միջեւ ձեւաւորուած սերտ համագործակցութեան, հայրենիք-Սփիւռք կապերու ամրապնդման եւ ազգային-եկեղեցական կեանքի խնդիրներուն եւ գոյութիւն ունեցող մարտահրաւէրներուն վերաբերող հարցեր, որոնք տեղ գտած են նաեւ 11-13 Նոյեմբերին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ կայացած Հայաստանեայց Առաքելական Ս. եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսաց ժողովի օրակարգին վրայ:
Նախագահը ողջունած է Եպիսկոպոսաց ժողովին կայացումը՝ ի նպաստ մեր հաւատաւոր ժողովուրդին եւ հայոց պետութեան: Նախագահը Եպիսկոպոսաց ժողովներու գումարումը կարեւոր իրադարձութիւն նկատած է հայոց հոգեւոր կեանքին մէջ եւ յաջողութիւն ու արդիւնաւէտ աշխատանք մաղթած ժողովականներուն։
Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուած է նաեւ Հայաստանի նախագահին գլխաւորութեամբ գործող Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին նուիրուած նախաձեռնութիւնները համակարգող պետական յանձնաժողովի աշխատանքներուն, որոնց հայ առաքելական եկեղեցին կը մասնակցի աշխոյժ կերպով՝ բոլոր Նուիրապետական աթոռներով, թեմերով, ծուխերով ու կառոյցներով: Զրուցակիցները անդրադարձած են նաեւ համազգային կարեւորագոյն խնդիրներու լուծման իմաստով հայոց եկեղեցիներուն կողմէ Սփիւռքի մէջ, միջազգային ու միջեկեղեցական հարթակներու վրայ իրականացուող աշխատանքին, Սուրիոյ մէջ չդադարող կործանարար պատերազմին իբրեւ հետեւանք այդ երկրի բնակչութեան հետ ծանրագոյն փորձութիւններու եւ զրկանքներու ենթարկուող սուրիահայ համայնքին աջակցութեան խնդիրներուն: Նախագահը եւ վեհափառ հայրապետները կարեւոր եւ հրամայական նկատած են հայոց պետութեան, եկեղեցւոյ եւ հայ ժողովուրդին միասնաբար ծառայելը եւ ի նպաստ համազգային խնդիրներու լուծման՝ միասնաբար գործելը։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.