1994ին Կնքուած Հրադադարի Ընթացքում Նման Դէպք Չի Գրանցուել. Մ. Յակոբեան


ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».– Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար, պաշտպանութեան բանակի հրամանատար զօր. Մովսէս Յակոբեան «Թերթ»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին նշած է, որ Ատրպէյճանի կողմէ ուղղաթիռը հարուածելով՝ հակառակորդը կ՛ըսէ այն, ինչ որ ցարդ ըսած է: Պատասխանելով այն հարցումին, որ արդեօք պատերա՞զմ կ՛ուզէ՝ հրամանատարը հաստատած է. «Իմ կարծիքով՝ այո՛»:
Մովսէս Յակոբեան նաեւ տեղեկացուցած է, որ Ատրպէյճանի հետ 1994ին կնքուած զինադադարին ընթացքին նման դէպք չէ արձանագրուած: Հակառակորդը առաջին անգամ ըլլալով կիրարկած է հակաօդային պաշտպանութեան միջոց:
Հայկական կողմէն պատասխան՝ անպայման պիտի ըլլայ: «Խուճապի մատնուելու կարիք չկայ: Մենք պարզելու ենք, թէ ինչ է եղել, յետոյ որոշումներ կայացնենք», նշած է հրամանատարը։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.