Ատրպէյճանի Քարիւղի Եկամուտները Նուազած Են 47.8 Առ Հարիւրով


ԵՐԵՒԱՆ.- «Արմէնփրէս», յղում կատարելով «Ազերնիուզ» լրատու կայքին՝ կը հաղորդէ, որ Ատրպէյճանի քարիւղի պետական հիմնադրամի այս տարուան Յունուար-Սեպտեմբեր ամիսներու տուեալներով, եկամուտները նուազած են 47.8 առ հարիւրով՝ նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածին համեմատ:
Կը նշուի, որ այս տարուան առաջին 9 ամիսներուն, քարիւղի հիմնադրամի միջոցներու կառավարումէն ստացուած եկամուտը կազմած է 162.3 միլիոն մանաթ, երբ անցեալ տարուան նոյն ժամանակահատուածին այս գումարը 311.2 միլիոն մանաթ էր:
Նշեքն, որ ատրպէյճանական մէկ մանաթը 1.27 տոլար կ՛արժէ։
«Հաքքին» կայքին համաձայն՝ Ատրպէյճանի քարիւղի պետական «Սոքար» ընկերութեան փոխնախագահ Էլշատ Նասիրով խոստովանած է, որ Ատրպէյճանի եկամուտներուն 90 առ հարիւրը կը գոյանայ ուժանիւթի արտածումէն, եւ երկրի տնտեսական աճը պայմանաւորուած է քարիւղի եւ կազի հանքերու շահագործումէն:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.