Թուրքիոյ Մէջ Հակահայ Համաժողով


ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Քիլիս նահանգի համալսարանին մէջ, Ուրբաթ, Նոյեմբեր 7ին հերթական հակահայ համաժողով տեղի ունեցաւ՝ «Հայկական Հարցը Թուրքիոյ պատմութեան մէջ եւ՝ իրականութիւնը» խորագիրով. այս մասին կը տեղեկացնէ «Հապերլեր» կայքը:
«Եփրատ» համալսարանի փրոֆ. Իպրահիմ Եըլմազչելիք կրկնած է թրքական յայտնի թէզերը՝ նշելով, թէ հայերը Համաշխարհային Ա. պատերազմի տարիներուն դաւաճանած են Օսմանեան կայսրութեան եւ «հարկադրաբար գաղթած են»։
Ըստ անոր՝ «այժմ հայերը սպաննուած թուրքերու լուսանկարները կը ներկայացնեն իբրեւ սպաննուած հայեր»:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.