100 ձայն, 100-ամեակին առթիւ – 100 Voices

 

31 հոկտեմբեր 2014ին, սկսաւ Սարա Գորնինկ Ցեղասպանութեան Դաստիարակութեան Կեդրոնի նախաձեռնած «100 Voices» ծրագիրը: Կը նկարահանուին աշակերտներ, որոնց թիւը պիտի հասնի հարիւրի, եւ որոնք պիտի խօսին Վերապրումի, յիշողութեան եւ արդարութեան մասին: 100 ձայն, 100 ամեակի առթիւ:

Այս վկայութիւններու միջոցով պիտի արծարծուին ցեղասպանութեան ուրացման հետեւանքները, ինչպէս նաեւ յիշելու, ոգեկոչելու եւ պահանջատիրութեան  մեր յարատեւ պայքարը:

Նկարահանումները տեղի կ’ունենան Թորոնթոյի ՀՕՄ-ի վարժարանէն ներս եւ պիտի աւարտին տարեվերջին: Ապա, աշակերտներու վկայութիւնները պիտի զետեղուին Կեդրոնի կայքէջին վրայ, մէկ առ մէկ, ամէն օր, 100 օրուայ վրայ , Յունուար 15էն սկսեալ մինչեւ Ապրիլ 24, 2015:

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.