Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդին Այցը Թորոնթոյի ՀՕՄ-ի Վարժարան

 

Նոյեմբեր 4, 2014ին, ժամը 11:30ին, ՀՕՄի Ամէնօրեայ վարժարան այցելեցին Տէր Մեղրիկ Եպիսկոպոս Բարիքեան՝ Բարեջան առաջնորդ Գանատայի Հայոց Թեմի, Տէր Շահան Արքեպիսկոպոս Սարգիսեան՝ Բարեջան առաջնորդ Բերիոյ Հայոց Թեմի, Տէր Եղիա Ծայրագոյն Վարդապետ Գիրէջեան՝ Հոգեւոր Հովիւ Սբ. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ, եւ Հայր Ստեփանոս Աբեղայ Բաշայեան ու Տէր Կոմիտաս Աւագ Քահանայ Փանոսեան՝ հոգեւոր հովիւներ Սբ. Աստուածածին Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ:

Անոնք դիմաւորուեցան Վարժարանի գաւիթին մէջ շարուած՝ չորրորդէն մինչեւ տասներկրորդ դասարանի աշակերտներուն, ինչպէս նաեւ Կրթական Մարմինի, Տնօրէնութեան եւ Ուսուցչական Կազմին կողմէ:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Վարժարանիս միջնակարգ բաժինի Հայոց լեզուի եւ գրականութեան վաստակաշատ ուսուցչուհի՝ Տիկին Յասմիկ Պապեան: Պապեան իր սրտի խօսքը եւ անհուն ուրախութիւնը յայտնեց Սրբազան Հայրերուն եւ յոյս յայտնեց որ Թորոնթոհայ գաղութը դրական տպաւորութիւններ ձգէ իրենց վրայ: Խօսքը ուղղելով Տէր Շահանին, Պապեան մաղթեց որ յաջորդ այցելութիւնը կ’ըլլայ բարօր պայմաններու մէջ: Պապեան նաեւ բարի գալուստի ու գործակցութեան մաղթանքներ փոխանցեց Թորոնթոյի նոր Հայր Սուրբին:

Ապա, 5րդ դասարանի աշակերտները անգիր արտասանեցին «Տէրը Իմ Հովիւս է» Սաղմոս թիւ 23: 8րդ դասարանէն՝ Արիանէ Ղազարեան, Արիս ՉուլՃեան, Թիթեռ Քարկոցեան եւ Դաւիթ Ներսէսեան ասմունքեցին Եղիշէ Չարենցի «Ես Իմ Անուշ Հայաստանի»ն, իսկ Նորա Պօղոսեան մեներգեց «Կռունկ»ը:

Աշակերտներու ելոյթներէն ետք, Մեղրիկ Սրբազանը ներկայացուց՝ Տէր Շահան Արքեպիսկոպոս Սարգիսեանը եւ բացատրեց անոր Գանատա այցելութեան նպատակը եւ խնդրեց որ իւրաքանչիւր աշակերտ իր կարելիութեան սահմաններուն մէջ օժանդակէ Սուրիոյ մեր քոյր-եղբայրներուն: Իր կարգին, Շահան Սրբազան խօսեցաւ Սուրիոյ պատերազմական վիճակին եւ Սուրիահայ աշակերտներուն դժուարութիւններուն մասին: Յետոյ, Տէր Մեղրիկը աշակերտներուն ներկայացուց Սբ. Աստուածածին եկեղեցւոյ նոր հովիւը՝ Հայր Ստեփանոսը, որու առաջնորդութեամբ աշակերտները երգեցին «Մեր Հայրենիք»ը եւ աղօթեցին:

Սրբազան Հայրերուն այցը շատ տպաւրիչ էր, որովհետեւ յստակ էր որ անոնք հոգ կը տանին հայ աշակերտներուն եւ կ’ուզեն որ անոնք մեծնան որպէս լաւ եւ արժանի հայեր:

Արման Դավթյան

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.